ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսական ուժերը տակաւին շարք մը հարցեր կը դիմագրաւեն Ուքրանիոյ մէջ, յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ Փենթակոնէն, բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
«Մեր նախատեսութիւններուն մէջ շատ զգուշ ենք: Ամբողջական վճռականութիւնը ունինք օգնելու իրենք զիրենք պաշտպանելու համար պայքարող ուքրանացիներուն», ըսաւ պաշտօնատարը՝ աւելցնելով, որ ուքրանացները պատերազմի դաշտին վրայ յատկանշական յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն։
«Ուքրանիոյ մարտական կարողութիւնը բաւարար չէ պատերազմին յաղթանակ արձանագրելու համար. պէտք է մարտական ոգի եւ լաւ ղեկավարութիւն ապահովուի, եւ կը շարունակենք մնալ այն կարծիքին, որ տագնապին տեւողութիւնը երկար պիտի ըլլայ», յայտնեց պաշտօնատարը:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս յայտնեց, որ ինք դէմ է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ռուսիոյ ուքրանական ճգնաժամէն «դուրս գալու կարելիութիւն» տրամադրելու գաղափարին:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պէտք է Ուքրանիոյ մէջ պարտութիւն կրէ, եւ պէտք է Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան վերականգնումը տեսնենք», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Երկուշաբթի օր, Ուքրաիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ուքրանացի քաղաքացի մը սպաննած ռուս զինուոր մը, որ ամբաստանուած էր պատերազմական ոճիր գործելու յանցանքով։