ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողով կազմելու մասին որոշում ստորագրեց:
Յանձնաժողովի նախագահ նշանակուեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան. կազմին մէջ ներառուած են արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարադատութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարարներ, Կադաստրի կոմիտէի փոխնախագահները, միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչը, բանակի փոխհրամանատարը, ԱԱԾ բաժանմունքի տեղակալը, ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատարը եւ բանակի ռազմատեղագրական ծառայութեան պետը:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս հրամանագիր ստորագրեց սահմանազատման պետական յանձնաժողով կազմելու մասին:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահականին՝ յանձնաժողովի նախագահ նշանակուեցաւ փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւ. կազմին մէջ ընդգրկուած են 22 գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ: