ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 23 Մայիսին ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային զարգացումները եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման: Այս պարունակին մէջ, Գրիգորեան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շարունակական դերակատարութիւնը:
Արցախի հարցը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կապերը քննարկման նիւթ եղան նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար 2021ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին:
Անոնք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի կազմութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման:
Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Քննարկուեցան նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ միտքեր փոխանակուեցան դաշնակցային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղղուած քայլերու շուրջ: