
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՕՄի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն վաստակաշատ ընկերուհի՝ նախկին ատենապետուհի Մարօ Մինասեանի (ծնեալ՝ Պէյրութ, 1947ին) անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ 23 Մայիսին, Երեւանի մէջ։
Խորին ցաւակցութիւններ՝ անոր հարազատներուն եւ ՀՕՄի բոլոր անդամներուն։