ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մինչ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տակաւին պարզաբանումներ չտուաւ Պրիւքսէլի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ` աւելի եւս խորացնելով ընդդիմութեան մտահոգութիւնները, թէ ան, ինչպէս Ալիեւ, Արցախը կը տեսնեն Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Փոխարէնը Ատրպէյճանի նախագահը լռութիւնը խզեց եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ զրոյցին ընթացքին պնդեց, որ կողմերը պայմանաւորուած են «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման շուրջ` թէ՛ երկաթուղային եւ թէ ինքնաշարժներու յատուկ ուղիներու կառուցումով:
Կարճ ժամանակ ետք, Ալիեւի այս յայտարարութեան արձագանգեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` շեշտելով, որ Հայաստանի տարածքին մէջ միջանցքային տրամաբանութեան ճանապարհ կամ փոխադրութեան ուղի չի կրնար գործել, եւ որ Հայաստանի դիրքորոշումները որեւէ փոփոխութիւն չեն կրած:
«Բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որ ձեռք են բերուել Բրիւսելում, վերաբերւում են տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) բացմանը: Բրիւսելում ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները տեղաւորւում են նախկինում Հայաստանի ներկայացուցիչների արած հրապարակային յայտարարութիւնների շրջանակում: Տարածաշրջանային կոմունիկացիաների բացման համատեքստում պայմանաւորուածութիւնները վերաբերուել են սահմանային, մաքսային հսկողութեան, ճանապարհային վճարների գանձման, միջազգային տարանցման կազմակերպման հարցերին: Սրանք կարեւոր հարցեր են «Հայկական խաչմերուկ» նախագծի իրագործման համար եւ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն շարժուելու է այս ուղղութեամբ», ըսաւ Գրիգորեան: