
ԵՐԵՒԱՆ.- «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակցոները 24 Մայիսի կանուխ առաւօտէն երթեր կատարեցին մայրաքաղաքին մէջ եւ հասան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը, ուր ոստիկանները պատ կազմած էին։
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ նախարարութիւնը չ՛առաջնորդուիր Հայաստանի ժողովուրդի շահերով, ուստի պէտք է շրջափակել շէնքի մուտքերը։ Մասնակցողները, ճեղքելով ոստիկանական պատը՝ մօտեցան շէնքի մուտքին եւ շրջափակեցին զայն։
Ցոյցին մասնակցողները Արցախի դրօշներ փակցուցին շրջափակուած շէնքին վրայ: Որոշ ժամանակ ետք, լարուածութիւն յառաջացաւ, հրմշտուք եղաւ եւ ոստիկանները բռնի ուժ սկսան կիրարկել։ Պատգամաւորներու կոչով ցուցարարները քիչ մը ետեւ գացին եւ իրավիճակը հանդարտեցաւ:
Քիչ անց, հակառակ ոստիկաններու փորձին` Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներուն մուտքը խոչընդոտելու, ժողովուրդի ճնշման տակ անոնք յաջողեցան մտնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը` փոխանցելու շարժման ուղերձը:
Պատգամաւորները ընդունուեցան փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանի կողմէ: Անկէ ետք ցուցարարները բացին շէնքի մուտքերը եւ ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակը։
Երեկոյեան, հակառակ յորդառատ անձրեւին, Սասունցի Դաւիթի արձանի յարակից հրապարակէն ընթացք առաւ «Դիմադրութիւն» շարժման բազմամարդ երթը:
Սաղաթէլեան, իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Փաշինեանի՝ Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան՝ նշեց, որ այս իշխանութիւններէն վաղուց ոչ մէկ դրական ակնկալութիւն կայ` հաստատելով, որ կացութեան լուծումը անոնց հեռացումն է։
Ան կոչ ուղղեց ուժային կառոյցներուն եւ պետական բոլոր պաշտօնեաներուն` չսատարելու Նիկոլ Փաշինեանին ու այս օրերուն, երբ ան կը պատրաստուի նոր զիջումներու, չդառնալ անոր պատասխանատուութիւնը կիսող ու կրող կողմ:
Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Դիմադրութիւն»ը աննահանջ է իր պայքարին մէջ, եւ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին` կոչ ուղղելով բոլորին՝ զգաստանալու եւ միանալու իրենց։
Նշենք, որ աւելի վաղ, նախքան երթը, Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններ կը կատարէ Տաւուշի եւԿոտայքի, Գեղարքունիքի մարզերու ՀՅԴ անդամներէն շատերու բնակարաններուն մէջ։