ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Շնորհաւոր ըլլայ ողջ հայութեան Մայիսի 28-ը՝ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 104ամեակը:
Մայիս 28ը հայոց պետականութեան վերածնունդի խորհրդանիշն է եւ հայ ժողովուրդի փառապանծ սխրանքն է:
Ամէն տարի Մայիս 28ին համայն հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ, կը տօնէ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան օրը:
Հարկ է հակիրճ ձեւով անդրադառնանք պատմական այս մեծ իրագործումին:
14րդ դարու վերջերը Հայաստանը կորսնցուց իր պետականութիւնը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը: Այս թուականէն սկսեալ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ստրկութիւնը եւ մութ պատմաշրջանը տեւեց մօտ 600 տարի:
Հայ ժողովուրդը ամբողջ 600 տարիներ ապրեցաւ ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը: Ամբողջ հայութիւնը ապրեցաւ ազգային քաղաքական մահաքունի վիճակ մը մինչեւ 19րդ դարու վերջերը: Ան թիրախ դարձած էր հիւսիսէն եւ հարաւէն՝ Ռուսաստանին եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն: Այս բոլորին հետ մէկ տեղ հայ ժողովուրդը չհաշտուեցաւ իր ազգային իրաւունքներու կորուստին հետ: Ան մնաց աննկուն եւ տոկուն եւ իբրեւ բնական հետեւանք հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնան հայ ազատատենչ կուսակցութիւնները, որոնց նպատակն էր ազատագրել հայ ժողովուրդը ստրկութենէն, պաշտպանել հայ ժողովուրդը, Հայ եկեղեցին եւ հայրենիքը:
Այս իրադարձութիւններու ընթացքին թուքերը գործադրութեան դրին իրենց հրէշային ծրագիրը 1915ին՝ հայ ժողովուրդի ջարդը-բնաջնջումը: Նահատակուեցան յայտնի դէմքեր, տաղանդաւոր գրողներ, հռչակաւոր լրագրողներ ու բժիշկներ: Ասոնց յաջորդեց գաւառներու մէջ կողոպուտն ու թալանը, առեւանգումներն ու սպանութիւնները: Տեղի ունեցաւ աննախընթաց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը ուղղուեցաւ դէպի արաբական անապատները: Տարագրուեցաւ ամբողջ հայութիւնը առանց խտրութեան: Բնաջնջուեցաւ հայութեան կարեւորագոյն մէկ մասը: Յառաջացաւ Հայ Սփիւռքը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր նիւթական, մարդկային, մշակութային եւ հողային հարստութիւնը, կորսնցուց մէկ ու կէս միլիոն ժողովուրդ եւ պատմական Հայաստանի մեծ մասը: Հայ ժողովուրդը տեղ-տեղ հերոսական կռիւներ մղեց, դիմադրեց թուրք բռնակալութեան եւ ստեղծեց աննախընթաց հերոսամարտեր, որոնց շարքին՝ Վանի, Շապին Գարահիսարի, Սուէտիոյ եւ Ուրֆայի հերոսամարտերը:
Սեւ Ապրիլ 24էն ետք, երբ ոխերիմ թշնամին՝ թուրքը կը կարծէր, որ վերջ կրնար տալ նաեւ փոքր Հայաստանին եւ ոչնչացնել վերջին հայը, հայ ժողովուրդը, գիտակից իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, իր բոլոր հատուածներով եւ հոսանքներով մարտնչեցաւ վճռակամութեամբ, դարձաւ ապառաժեայ բռունցք եւ անցաւ ինքնապաշտպանութեան:
Հայը կռուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ: Ճգնաժամային օրեր էին: Հայկական բանակը տարբեր ճակատներու վրայ կը ճակատէր թշնամիին դէմ, սակայն դէմ յանդիման էր ամէն տեսակի դժուարութիւններու: Հայ ժողովուրդը կը հետեւէր հայկական բանակի դիմադրութեան եւ կը լսէր անոր ղեկավարներու կոչերը։
Ահաւասիկ երկու յատկանշական կոչեր ուղղուած հայ ժողովուրդին:

Առաջինը՝ զօրավար Սիլիկեանի կոչը այդ օրհասական օրերուն Հայ ժողովուրդին, 5 Մայիս 1918ին.
«Հայե՛ր, շտապեցէ՛ք հայրենիքն ազատելու:
Հասած է պահը, երբ իւրաքանչիւր հայ, մոռնալով իր անձնականը, յանուն մեծ գործի` հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկներու պատուի պաշտպանութեան, պիտի գործի դնէ իր վերջին ճիգը` թշնամին հարուածելու համար:
Մենք չէինք ուզեր կռուիլ յանուն խաղաղութեան ու հաշտութեան, պատրաստ էինք ընդառաջ երթալու ամէն տեսակ զոհողութիւններու, սակայն, մեր նամարդ թշնամին կ՛ընթանայ իր ծրագրուած ուղիով. ան, ըստ երեւոյթին, ստրկացնել կ՛ուզէ մեզ, բայց, իրօք, կ՛ուզէ ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը: Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռքերնիս փորձենք պաշտպանել մենք զմեզ: Գուցէ, յաջողինք կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը:
Իսկ որ մենք կարող ենք պաշտպանուիլ, այդ ցոյց տուին վերջին կռիւները, ուր մեզմէ թուով գերազանց թշնամին նահանջի կը դիմէ մեր հերոսական գրոհի առաջ:
Հարկաւոր է ճիգ մը եւս, եւ թշնամին վռնտուած կ՛ըլլայ մեր երկրի սահմաններէն, ուր մեր պապերն ու հայրերը երկար տարիներ արիւն-քրտինքով աշխատած են՝ գէթ կերպ մը հայթայթել իրենց օրուայ ապրուստը:
Հայե՛ր, ժամանակը չի դանդաղիր: Մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր տղամարդիկ պարտաւոր են զէնք վերցնելու, եւ ես կը պահանջեմ ձեր բոլորէն ներկայանալ ձեր զէնքերով ու փամփուշտներով` հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Հայուհինե՛ր, յիշեցէ՛ք 5րդ դարու փափկասուն տիկնանց, որոնք ոգեւորեցին իրենց ամուսինները Մեծ գործի` անմահ Վարդանի կռիւներու ժամանակ, հետեւեցէք անոնց օրինակներուն, եթէ չէք ուզեր, որ ձեր պատիւը ոտնահարուի, խրախուսեցէ՛ք անոնց ու արհամարհեցէ՛ք այն վախկոտները, որոնք զանազան պատրուակներով կը խուսափին ճակատ գալէ: Հաւաքեցէ՛ք ռազմամթերք, հաց, հագուստ եւ ուրիշ մթերքներ…
Ես խորապէս համոզուած եմ, որ իմ այս կոչը անարձագանգ պիտի չմնայ , եւ երկու-երեք օրուայ ընթացքին կը կազմակերպուի այնպիսի քաջարի զօրաբանակ մը, որուն կը յաջողուի վռնտել թշնամին հայրենի հողի սահմաններէն եւ ապահովել հայ ժողովուրդի գոյութիւնը:
Յանուն բազմաչարչար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան, յանուն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան, ոտքի կանգնեցէ՛ք: Դէպի՛ սրբազան պատերազմ»:
Երկրորդը հրամանատար Նազարբէկեանի կոչն է հայ ժողովուրդին, թրքական արշաւանքին դէմ համազգային ճակատ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, 25 Մայիս 1918ին.

«Հայե՛ր, ծանր փորձութիւններ կ՛ապրի մեր ժողովուրդը: Տաճկական բազմադարեան ստրկութիւնէ ետք մեր ժողովուրդը հասկցաւ, որ այդպէս շարունակել այլեւս կարելի չէ եւ վճռեց` կամ զէնքը ձեռքին նուաճել իր ազատութիւնն ու ստեղծել իրեն համար երջանիկ ապագայ եւ կամ պատուով մեռնել…
Տաճիկները ամենաբարբարոս կերպով խախտեցին հաշտութեան բանակցութիւններն ու կնքուած զինադադարը. անոնք, օգտուելով զինադադարէն, առանց նախազգուշացնելու, անսպասելի կերպով յարձակեցան ու գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը: Այս բանը վերջնականապէս քայքայեց մեր զօրքը, եւ զինուորները, ձգելով իրենց շարքերը, անկանոն կերպով փախան իրենց տուները` ձգելով բախտի բերմունքին բոլոր մեր պահեստներն ու ամբողջ ռազմամթերքը: Կը թուէր, թէ ամէն ինչ կորած է եւ նենգ թշնամիին կը մնայ միայն շարունակել իր յաղթական ընթացքը դէպի երկրի ներսը` ստիպելով հայ ազգաբնակչութեանը գաղթել իր բնակավայրերէն եւ կորսնցնել իր ամբողջ ունեցուածքը:
Եթէ դուք կը ցանկանաք ազատել ձեր ընտանիքներն ու ունեցուածքը, եթէ չէք ցանկար ապրիլ աւելի վատթար ստրկութեան մէջ, քան այն, որ դարերու ընթացքին կրած են մեր եղբայրները տաճիկ կառավարութեան լուծի տակ, եթէ չէք ուզեր, որ ամբողջ հայութիւնը կորչի, եկէ՛ք բոլորդ, ով զէնք կրելու ընդունակ է, եկէ՛ք ձեր զէնքով ու փամփուշտներով, վերցուցէ՛ք ձեզ հետ հինգ օրուայ ուտելիքեղէնի պաշար, մինչեւ որ կարելի ըլլալ զօրքի կանոնաւոր պարէնաւորումը կազմակերպել:
Լաւ գիտցէք, որ եթէ այժմ զէնքով չկարողանանք պաշտպանել մեր ազատութիւնն ու ունեցուածքը, ապա մենք արժանի չենք գոյութիւն ունենալու որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ, եւ այն ժամանակ վա՜յ մեզ ու մեր յետնորդներուն: Մեր որդիներն ու թոռները միայն անէծքով կը յիշեն մեզ: Մենք յոյսը պէտք է դնենք միմիայն մեր սեփական ուժերու վրայ եւ եթէ այժմ առանց ժամանակ կորսնցնելու չօգնենք մեր զօրքին, չլրացնենք մեր շարքերը զինուորներով ու չմատակարարենք անոր անհրաժեշտ մթերքներով, մենք կորած ենք: Լաւ իմացէ՛ք, որ եթէ այժմ զէնքով չնուաճենք մեր ազատութիւնն ու չստեղծենք մեզի համար երջանիկ ապագայ, այլեւս երբեք չի յաջողուիր այդ բանը ոչ մեզի եւ ոչ մեր սերունդներուն»:
Հայ ժողովուրդը, ականջալուր այս կոչերուն, բերաւ իր մասնակցութիւնը սրբազան գործին՝ լինելութեան ռազմավարութեան:
Հայ ժողովուրդը իր աննկուն բանակին հետ ոտքի կանգնեցաւ, յարութիւն առաւ եւ կերտեց Մայիս 28ը՝ Ազատ, Անկախ Հայաստանը:
Հայը շահեցաւ ապրելու իրաւունքը իր հողին վրայ, իր հայրենիքին մէջ ազատ եւ անկախ: Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնը, իր պետականութիւնը աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Շուտով սակայն, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կարող էր կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Ազատ, անկախ Հայաստանը գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի: Ան նուէր չտրուեցաւ մեզի, այլ՝ հայ ժողովուրդը իր բանակով եւ խելացի ղեկավարներով ձեռք բերին զայն նուաճումներով, պայքարով, անհաւասար կռիւներով, արիւնոտ ու հերոսական ֆէտայական մարտնչումներով: Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր հայ մարդը: Սակայն, երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը: Սեւ ամպեր պատեցին Հայաստանի կապոյտ երկինքը: Ազատ, անկախ Հայաստանը դարձաւ Խորհրդային Հայաստան: Հաստատուեցաւ ռազմական համայնավարութիւնը եւ սկսան բռնագրաւումները, ձերբակալութիւնները, սպանութիւնները, աքսորը, գնդակահարումները, եւ այլ արարքներ: Վարչակարգի փոփոխութեամբ, փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ու պետական եռագոյն դրօշը: Ազատ, անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եռագոյն դրօշն ալ բռնեց գաղթի ճամբան եւ եկաւ Սփիւռք:
Սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց, ընդունեց աքսորեալ ազատ, անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէրը կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն հաւատալով, որ «վերադարձը դէպի Հայրենիք», դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ, հայը ինքը պիտի որոշէ իր կեանքի ճանապարհը, իր սեփական հողին վրայ, իր սեփական երկինքին տակ եւ իր սեփական մշակոյթով:
Հայրենիքի մէջ կարելի չէր արմատախիլ ընել Մայիս 28ի կարգախօսը եւ գաղափարաբանութիւնը: Հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կառչած մնաց իր ազգային համոզումներուն, իտէալներուն եւ սկզբունքներուն: Տարուէ տարի ուռճացաւ Մայիս 28ի ոգին, արմատներ նետեց ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ: Հաւատաւոր հայրենի ժողովուրդը տոկաց բոլոր անմարդկային դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն ու տաժանակիր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային բոլոր պայմաններուն:
Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 1920ի Օգոստոս 10ին, Հայաստանի անկախութեան կապուած միջազգային կարեւոր փաստաթուղթը եղաւ: Առաջին անգամ ըլլալով, Սեւրի մէջ ազատ, անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչները նստան ազատ ազգերու կողքին՝ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները պահանջելու համար: Առաջին անգամ ըլլալով մեծ պետութիւնները ճանչնալով այդ իրաւունքները՝ ստորագրեցին Սեւրի դաշնագիրը, որ կոչուած էր հայերուն վերադարձնելու իր պապենական հողերը: Այս միջազգային դաշնագրին կնքումով, Հայաստանի գոյութիւնը կը ստանար նաեւ իրաւական բնոյթ: Սակայն հետագային դաւադրաբար ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրը եկաւ հարուածեց հայ ժողովուրդի ազգային ակնկալութիւնները: Սեւրի դաշնագիրը մոռցուեցաւ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն եւ մեծ պետութիւններուն կողմէ:
Խորհրդային կարգերու փլուզումով, 1991ին հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով վերատիրացաւ իր ազատութեան եւ անկախութեան: Հռչակուեցաւ Հայաստանի Բ․ Հանրապետութիւնը, որ գոյատեւց մինչեւ այսօր: Եռագոյն դրօշը ծածանեցաւ ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Ազատ անկախ հայրենիքի քայլերգը ղօղանջեց բոլորին ականջին: Հայրենիքը ունեցաւ բարգաւաճ տնտեսութիւն եւ մեծ իրագործումներ: Սակայն շատ ու շատ իրագործելի աշխատանքներ կը մնան սպասողական վիճակի մէջ:
1991էն մինչեւ օրս Հայաստան ունեցաւ հինգ նախագահներ եւ իրարայաջորդ վարչապետներ:
Ներկայիս Հայաստան կ՛ապրի քաղաքական տագնապալից իրադարձութիւններ: Հայաստանի քաղաքական երկնակամարը մշուշապատ է եւ սեւ ամպերով կուտակուած: Կացութիւնը ահազանգային է եւ ճակատագրական: Հարկ է որ հայրենի ղեկավարութիւնը զգաստանայ եւ գործէ Մայիս 28ի ոգիով: Հայ ժողովուրդը չի կրնար յուսահատիլ եւ չի կրնար նահանջել: Միայն հայ ժողովուրդը կը հանդիսանայ իր ազատութեան ու անկախութեան իրական եւ կարեւոր կռուանը, ազդակը եւ ուժը:
Վայ բոլոր անոնց, որոնք կը մոռնան Սարտարապատի մարտնչումով իրագործուած Մայիս 28ը՝ Ազատ, Անկախ Հայաստանի հանրապետութեան ստեղծումը: Թող ողջ հայութիւնը ականջալուր ըլլայ Պարոյր Սեւակի «Սարտարապատ»ին որ կ՛ըսէ․
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար,
Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Սարդարապատի մարտը մեծ:
Զանգեր, ղողանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար պատից:
Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:
Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք,
Որ շունչ առած շունչներս տանք
Սարդարապատի պատի տակ:
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք՝ դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:
Կեցցէ Մայիս 28ը եւ Մայիս 28ի ռահվիրաները:
Կեցցէ ազատատենջ հայ ժողովուրդը, որ գիտէ Մայիս 28ի արժէքը:
Զարթի՛ր լաօ…..
Մոնթրէալ
Մայիս 2022
We accept only 1st Republic continuation not 2nd, 3rd or 4th.
As long as this is not recognized by Majority, Officially, we are still
Subjugated nation. “Zartir Lao” to re obtain lost independence !!.