Երեխայի ուսման նպատակն է զայն ընդունակ դարձնել՝ հետագային զարգանալու առանց ուսուցիչի։
Ա. Ֆրանս
Շատերուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի երեխաներուն մեծ մասը պատրաստաբան է: Հեռատեսիլային մանկական հաղորդումներուն, իբրեւ հաղորդավարներ կամ հիւրեր հանդէս եկող երեխաները կ՚ապացուցեն, որ իրենք շատ հանգիստ կրնան արտայայտել իրենց մտքերը եւ ունին ճարտար խօսելու վարպետութիւն: Նոյնը կը նկատենք երեխաներու հետ ուղղակի շփման ընթացքին։
Ի՞նչն է այս բոլորի գաղտնիքը։
Նախ, երեխաներու 99.5 տոկոսը ուսեալ ծնողներու զաւակներ են։ Վիճակագրական տուեալները կը հաստատեն, որ Հայաստանի մէջ անգրագիտութեան տոկոսը 0.5% է։ Ոեւէ երեխայի կարելի է հարց տալ, թէ ի՞նչ մասնագիտութիւն ունին քու ծնողները, կամ նոյնիսկ տատիկներն ու պապիկները, պատասխանը անպայման գրագիտութեան վկայութիւն պիտի ըլլայ։ Մէկը բանասէր է, միւսը ճարտարապետ, նկարիչ, երաժիշտ, պատմաբան, ֆիզիկոս, եւ այլն։ Հետեւաբար հարցասէր երեխաները միշտ կը գտնեն իրենց հարցերուն պատասխանները՝ շնորհիւ իրենց ուսեալ ծնողներուն կամ ողջ շրջապատին։
Կրթական համակարգի ուսուցման ձեւը նոյնպէս ամենաազդու միջոցներէն մէկն է՝ երեխաները ճարտար դարձնելու համար։ Հայաստանի դպրոցներու ուսուցման ձեւի իւրայատկութիւնն է՝ առաւել կարեւորութիւն ընծայել խօսակցականին, քան գրաւոր ստուգումներուն. ընդհանրապէս գրաւոր քնութիւններ շատ քիչ են հանրակրթական դպրոցէն ներս, գիտելիքներու ստուգումը կը կատարուի բերանացի հարց ու պատասխաններու միջոցով, ինչ որ աւելի համարձակ կը դարձնէ երեխան, կ՚ընդլայնէ անոր մտահորիզոնը եւ ան ընդունակ կը դառնայ առաւել զարգանալու։
Հաւանաբար ծիծաղելի թուի, սակայն փաստ է, որ խօսելու վարպետութիւն ձեռք ձգելու առումով, մեծ դեր ունի նաեւ բաժակաճառ ըսելու սովորոյթը։ Հայաստանի բոլոր խրախճանքներուն կ՚ընտրուի օրուան թամատան, որուն պարտականութիւնն է կենացներ խմել կամ առաջարկել։ Այդ բոլորը կը տեսնէ եւ նոյնիսկ անոր մասնակից կը դառնայ երեխան, անոր եւս կ՚առաջարկուի կենաց խմել ու ըսել իր սրտի խօսքը, եթէ առաջին անգամ ան չկարենայ արտայայտուիլ, անպայման կը սկսի մտածել այդ մասին, որ յաջորդին պատրաստ ըլլայ խօսելու։
Երեխաներու լեզուն ճարտար դարձնելու հարցով մեծ դերակատարութիւն ունի նաեւ անոնց ամէնօրեայ համախմբումը դպրոցէն ետք։ Հայաստանի գրեթէ բոլոր շէնքերը ունին իրենց բակը կամ այգին, ուր ազատօրէն կը հաւաքուին երեխաները եւ միասնաբար խաղալով, հանդէսներ կազմակերպելով, կ՚անցընեն իրենց ազատ ժամանակը։ Կան նաեւ բազմաթիւ կեդրոններ, ուր երեխաները կը զարգացնեն իրենց ձիրքերը, կամ ներկայ կ՚ըլլան իրենց տարիքին համապատասխան համերգներու ներկայացումներու, ցուցահանդէսներու, մշակութային տարբեր ձեռնարկներու։ Այդ ձեւով կը ստանան նաեւ համակողմանի ու ներդաշնակ զարգացում։
Nayirim@yahoo.com