
ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Մայիսին, Երեւանի մէջ մեկնարկեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 9րդ Պատգամաւորական ժողովը:
Ժողովի մեկնարկը տրուեցաւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին:
Եռաբլուրի մէջ ժողովականներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովը կը գումարուի բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ, ուստի վերջին ժամանակներու եղելութիւններէն ետք կարիք կայ քանի մը վայրկեան խոկալու վերջին տարիներուն հայութեան ապրած նոր ողբերգութեան մասին, անոր պատճառներուն, բայց մանաւանդ՝ անոր հեռահաս ազդեցութիւններուն մասին:
«Առաջին հերթին, սակայն, մեր միտքը կ՛երթայ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք հերոսաբար ինկան՝ պաշտպանելով համայն հայութեան հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Արցախը: Ընդհանրապէս բոլոր ննջեցեալներուն, բայց մանաւանդ հասարակաց ապահովութեան ի խնդիր զոհաբերուած կեանքերուն համար անհատ եւ հաւաքականութիւն կը զգան բացառիկ ցաւ ու բացառիկ յարգանք, որ այլ հասարակութիւններու մօտ աւելի հազուադէպ է: Հայութիւնը ամէն մեծ հաւաքական ուրախութենէ ետք օր եւ ժամանակ կը յատկացնէ յիշելու ու փառաբանելու իր կորուսեալ կեանքերը եւ ճակատագիրները», դիտել տուաւ Մկրտիչեան՝ շեշտելով, որ իմացեա՛լ մահը նոյն բնական երեւոյթին ծայրայեղ ազնուացումն է. մահ՝ որ այլոց կեանքը կարելի կը դարձնէ՝ շեշտելով անոր հասարակական կարեւորութիւնը:

Մկրտիչեան նշեց, որ նահատակութիւնը ներկան եւ ապագան անցեալին կապող շղթայի օղակն է, որ կ՛երաշխաւորէ մեր տեսակի յաւիտենականութիւնը:
«Եռաբլուրը մահաստան է, բայց միաժամանակ կեանքի վերանորոգման աղբիւր է: Ափսոսանքի պահեր ապրելու վայր է, որոնց յաճախ կը յաջորդէ աւելի լաւ օրեր ապրելու յոյսը: Համազգայինը հայ կրթութեան ու մշակոյթին նուիրուած կամաւորներու փաղանգ է: Անոր Պատգամաւորական ժողովը միութեան կամքի գերագոյն արտայայտիչն է: Խոնարհելով այս եւ ասոր նման սրբավայրերու հազարաւոր շիրիմներուն առջեւ, հանդիսաւոր կերպով կը վերանորոգենք անձնուէր ծառայութեան մեր կատարած ուխտը:
«Մեր նահատակները, որոնց կարգին 44օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն մեզմէ ֆիզիքապէս հեռացած համազգայնական ընկեր Գէորգ Հաճեանը, մեզի հետ են յաւելեալ խորք ու իմաստ տալով մեր ճիգին», եզրափակեց ան։
Համազգայինի 9րդ Պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցին 64 պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ 15 երկիրներէ:
Ժողովը պիտի ընթանայ 25էն 27 Մայիսի օրերուն․ անոր ընթացքին պիտի ամփոփուին Համազգայինի կառոյցներուն կողմէ վերջին չորս տարիներու աշխատանքները, պիտի ճշդուին կատարուելիքները եւ պիտի ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն: