ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովը, պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ, 3 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 4ին, արտակարգ նիստ պիտի գումարէ: Այս մասին խորհրդարանի ղեկավարի որոշումը հրապարակուեցաւ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքն վրայ:
Նիստը օրակարգի վրայ պիտի ունենայ ընդդիմութեան ներկայացուցած «Հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կապակցութեամբ» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծ ընդունելու մասին հարցը:
26 Մայիսին այս մասին խօսեցաւ նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Դիտել տալով, որ ընդդիմութիւնը տարբեր ձեւերով իր տեսակէտները յայտնած է եւ մերժած որեւէ զիջումնային քայլ՝ Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մենք մեր մօտեցումները հնչեցրել ենք, եւ գիտէք, որ հրաւիրել ենք Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ առաջարկելով, որ այդ յայտարարութեան տեքստն ընդունուի խորհրդարանի կողմից: Դրանով նաեւ ուզում ենք վերջնականապէս փակենք այն խօսակցութիւնները, որ իրենք ամէն անգամ երկիրը տանում են նոր դաւադրութեան եւ փորձում են հասարակութեանը մոլորեցնել, որ նման բան չկայ: ԱԺ արտահերթ նիստը վերջնական ջրբաժան է: Ջրբաժան է նաեւ նրանց համար, որոնք գոնէ մի նշոյլ կասկածում են, որ օրուայ չարիքի կառավարութիւնը փորձում է երկիրը տանել նոր զիջումների»: