
ՊՈԼԻՍ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ռուսական զինուած ուժերը հեռացած են Սուրիոյ Քոպանի, Մանպիճ եւ Թել Ռիֆաթ շրջաններէն եւ կրճատած իրենց ներկայութիւնը Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ:
«Իրանի աջակցութիւնը վայելող շիի աշխարհազօրայինները կը փորձեն լեցնել Ռուսիոյ ազատած շրջաններուն մէջ յառաջացած բացը, յատկապէս՝ Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ: Քրտական ուժերը կը պնդեն, որ Ռուսիա համաձայնած է Թուրքիոյ հետ եւ դաւաճանած իրենց ու դարձեալ հրաւիրած են Միացեալ Նահանգները (ռուսերու լքած շրջանները)», գրած է թրքական թերթ մը:
Միւս կողմէ, «Է.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայս յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն կը կարծէ, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարելու՝ Թուրքիոյ ծրագիրները սպառնալիք են ամերիկացի զինուորականներու ապահովութեան:
Փրայս նշեց, որ Ուաշինկթըն «խորապէս անհանգստացած է Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւններու աշխուժացման կարելիութիւններուն մասին տեղեկութիւններով եւ քննարկումներով»։ Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է յատկապէս շրջանի քաղաքացիներու ապահովութեամբ: «Որեւէ նոր յարձակողական գործողութիւն աւելիով պիտի վտանգէ շրջանին մէջ կայունութիւնը եւ սպառնալիք պիտի ստեղծէ ամերիկեան ուժերուն եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ միջազգային արշաւին համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն կը դատապարտէ որեւէ սրացում եւ կ՛աջակցի ներկայիս ի զօրու մնացող հրադադարին»:
Յիշենք, որ Թուրքիա կ՛ուզէ հարաւային իր սահմաններէն հարաւ 30 քլմ. խորութեամբ «ապահովութեան գօտի» մը ստեղծել սուրիական հողերուն վրայ, պնդելով, որ Ամերիկա եւ Ռուսիա բաւարար քայլերու չեն դիմեր զսպելուի համար Սուրիոյ քրտական ուժերը։