
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Մայիսին, հայկական կողմին վերադարձուեցաւ 23 Ապրիլին հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատած, պաշտպանութեան բանակի պարտադիր ժամկէտային ծառայող, շարքային Էդուարդ Մարտիրոսով: Այս մասին յայտնեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր 22 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող Ռուսիոյ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի միջնորդութեամբ:
Ժամկէտային Մարտիրոսով Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղի դիրքերէն սահմանը անցած էր եւ գերի տառուած էր 23 Ապրիլին: Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ ան յայտնուած էր Ատրպէյճանի մէջ: Ներքին Հանդի մարտական յենակէտը, ուրկէ շարքայինը անհետացած էր, ատրպէյճանական դիրքերու հարեւանութեամբ է: