
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, Նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:
Ի գործ դրուեցան արաբական հիւրընկալութեան յիշարժան աւանդոյթներ, որոնցմէ ետք վեհափառը եւ անոր ընկերակցող շքախումբը «Հրաշափառ» եւ «Ուրախ Լեր» շարականներուն երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճը:
Կաթողիկոսը Տէր Զօրէն հայրապետական պատգամ մը ուղղեց (պատգամը կու տանք անջատաբար)։
Ապա Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաժժար շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, զոր համարեց հայութեան զօրակցութիւնը Տէր Զօրի, ապա նաեւ ամբողջ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն:

Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան ողջունեց Տէր Զօրի աշիրէթները, որոնք Ցեղասպանութեան օրերուն տիրութիւն ըրին հայ ժողովուրդին, ապա` ներկայացնելով յուշահամալիրին կառուցման նպատակը՝ անդրադարձաւ թրքական ուժերուն կողմէ անոր քանդումին` շեշտելով, որ յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել:
Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սարեհ յայտնեց, որ Արամ Ա.ի եւ հայութեան հետ Սուրիոյ ժողովուրդը բարեկամական յարաբերութիւններ կը վայելէ, որովհետեւ անոնք հաւատարիմ բարեկամներ են: Ապա ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ենթարկող նոյն ձեռքերը քանդեցին Սուրիան, ու հետեւաբար երկու ժողովուրդները նոյն խրամատին մէջ կը պայքարին:
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին, դպրաց դասին եւ միաբան հայրերուն երգեցողութեամբ հնչեցին «Ամէն Հայի» եւ «Ի Վեր Բարձանց Ս. Սիոնի» հայրապետական մաղթերգները: Ապա վեհափառը «Պահպանիչ»ով փակեց ժողովրդային հաւաքը, որմէ ետք ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին:
Հուսկ, կաթողիկոսը ժողովուրդին ցաւակցութիւնները ընդունեց եւ երիտասարդութեան հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ:
Յայտնենա, որ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը հրաւիրեալներուն բաշխեց «Արդարացի Լուծում» գիրքին արաբերէնի թարգմանուած հատորի օրինակներ:
