
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, քրտական, յունական, հրէական եւ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեան իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու կողքին կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Քոնկրեսին, որ դէմ կենան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ռազմական նոր գործողութիւն մը իրականացնելու Թուրքիոյ ջանքերուն, որուն նպատակն է իր բռնագրաւած սուրիական հողերու տարածքը ընդարձակել, «ապահովութեան գօտի» ստեղծելու կեղծ պատրուակին տակ։
Կոչին մէջ կը շեշտուի, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնած ուժերը ներկայիս շրջանին մէջ ինքնավարութիւն մը հաստատած են, ուր գործակցութիւն հաստատուած է արաբական, քրտական եւ քրիստոնեաներու շահերը պաշտպանողներուն միջեւ եւ կ՛ազդարարուի, թէ թրքական ներխուժումը կրնայ մահացու հարուած մը հասցնել այդ համագործակցութեան, դարձեալ զօրացնելով «Իսլամական պետութիւն»ը։
Նշենք, որ Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարելու Թուրքիոյ ծրագիրները սպառնալիք են ամերիկացի զինուորականներու ապահովութեան՝ աւելցնելով, որ «խորապէս անհանգստացած է» Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւններու աշխուժացման կարելիութիւններուն մասին տեղեկութիւններով։