Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթըն, Շաբաթ, 27 Յունուարին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ բազմահազար ցուցարարներու, որոնք պիտի գան երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններէն։ Ցոյցը կազմակերպուած է խաղաղասէր կազմակերպութիւններու համախմբումի մը կողմէ, որ ինքզինք կը կոչէ United for Peace and Justice Movement:
Ըստ կազակերպիչներուն, Ուաշինկթընի ցոյցը պիտի համախմբէ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն, այսինքն՝ խորհրդարանի անդամներուն պիտի յիշեցնեն, թէ անյապաղ պէտք է գտնել Իրաքի ու աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ ամէն իմաստէ զրկուած պատերազմական գործողութիւններուն դադրեցման բանալին, պատերազմներու՝ որոնք պատճառ կը դառնան բազմահազար անմեղներու սպանդին եւ նիւթական հսկայական հարստութիւններու մոխրացումին։
Թէեւ գլխաւոր ցոյցը նախատեսուած է Ուաշինկթընի մէջ, սակայն զուգահեռ ցոյցեր ծրագրուած են նաեւ մեծ ու փոքր այլ քաղաքներու մէջ, միեւնոյն նպատակներով։
Բողոքի այս ցոյցին գլխաւոր թիրախն ու հասցէն է ամերիկեան նորընտիր Քոնկրէսը, որ կազմուեցաւ անցեալ Նոյեմբերի ընտրութեանց ճամբով։ Ծանօթ է, որ Քոնկրէսի զոյգ պալատները այդ ընտրութիւններէն ետք անցան դեմոկրատներու հակակշիռին տակ։ Ընտրութիւններէն շաբաթ մը ետք, յիշեալ համախմբումը հրապարակ նետեց այս շաբաթավերջի ցոյցին համար իր կոչը եւ այնուհետեւ, տենդագին աշխատանքի լծուեցաւ, որպէսզի մեծ թիւով մասնակիցներ ապահովէ հաւաքին։ Բնականաբար ամերիկացի քաղաքացիներուն մեծ մասը շատ ալ ծանօթ չէ այս ալիքին ու անոր ծաւալումին, որովհետեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները ընդհանրապէս արհամարհեցին զայն, ինչպէս որ կ՚արհամարհեն կամ լուսանցքի վրայ կը թողուն բոլոր այն զարգացումները, որոնք… շահաբեր չեն իրենց ու զիրենք հովանաւորողներուն համար։
ԸՆԴԴԷՄ ԻՐԱՔԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ
Ուաշինկթընի ցոյցը ունի գլխաւոր խորագիր մը. վերջ տալ Իրաքի մէջ շարունակուող արիւնահեղութեան ու ճշդել ամերիկեան ուժերու տունդարձի ժամանակացոյց մը։ Սա մօտաւորապէս այն տրամադրութիւնն է, որուն օգտագործումով դեմոկրատները ընտրապայքար մղեցին մինչեւ Նոյեմբեր 7 եւ ապահովեցին Քոնկրէսի աթոռներուն մեծամասնութիւնը։ Այլ խօսքով, ընտրապայքարն ու խաղաղասիրական շարժումը նաւարկեցին ու կը նաւարկեն նոյն ալիքին վրայ, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ տեղ մը բան մը սկսած է շարժիլ եւ թէ՝ ամերիկեան իշխանութեան ընթացքը կրնայ շրջադարձութիւն մը ապրիլ։
Ծանօթ է, որ իրաքեան պատերազմին դէմ բողոքի արտայայտութիւնները, ցոյցերն ու քաղաքական որոշ քայլեր առնուած են վերջին չորս տարիներուն. չմոռնանք, որ Իրաքի վրայ ամերիկեան )ու դաշնակիցներուն( յարձակումով սկսած պատերազմը Մարտի կէսերուն պիտի տօնէ իր չորրորդ տարեդարձը…։ Անցեալի բողոքները մնացած են անվաղորդայն, պատերազմն ու արիւնահեղութիւնը գացած են սաստկացումէ սաստկացում, զոհերու թիւը հազարներէ բարձրացած է հարիւրաւոր հազարներու, մսխուած գումարները անցած են )միայն պաշտօական հաշուեցուցակները նկատի առած( 360 միլիառ տոլարի սահմանները։ Հիմա, սակայն, սկսած է գոյանալ այն տպաւորութիւնը, թէ նման ցոյցեր պիտի թողուն որոշ հետքեր։
ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ
Խաղաղարարներուն դիտանկիւնէն, վերջին շաբաթներուն արձանագրուեցան մէկէ աւելի ուշագրաւ զարգացումներ, որոնք յաւելեալ լոյս պիտի սփռեն, հետեւաբար՝ պիտի շեշտեն կարեւորութիւնը 27 Յունուարի ցոյցերուն։
Անկախ այն թթխմորէն, որ կը թուի ներկայանալ դեմոկրատներուն արձանագրած յաղթանակով ու երեւութականէն անդին անցնող բարեփոխութեան նախադրեալներով, քաղաքական ռազմադաշտին վրայ իշխանութեան ու պատերազմի անոր հակամէտութեան ընդդիմախօսներուն միջեւ փոխանակուեցան քանի մը «հրթիռներ»։ Նախագահ Պուշ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ արձակեց առաջին «հրթիռը», յայտարարելով, թէ Իրաքի կացութեան մասին իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ, որոշած է աւելի քան քսան հազար զինուորներով բարձրացնել Իրաքի մէջ ծառայող ամերիկեան բանակի զինուորներուն թիւը։ Հակադիր ճակատէն տեղաց բողոքի ու դժգոհութեան տարափ մը, որ ներգրաւեց մինչեւ անգամ կարգ մը հանրապետականներ։ Անոնք հրապարակ նետեցին պատերազմական գործողութեանց ծախսերը կրճատելու սպառնալիքը եւ յանձնաժողովի մը ճամբով ալ Չորեքշաբթի, 24 Յունիսին առին առաջին քայլ մը։ Այս տրամադրութիւնը կը յաջորդէր նախագահ Պուշի State of The Union-ի տարեկան ճառին, որուն ընթացքին ան ոչ միայն վերահաստատեց աւելի քան քսան հազար յաւելեալ զինուորներու Իրաք առաքման իր որոշումը, այլ բացայայտ դարձուց, թէ այդ որոշումը անդառնալի է եւ թէ՝ առաքումի գործողութիւնը արդէն ծայր առած է։ Իբրեւ հակադարձութիւն, դեմոկրատներու զօրակայանը շարժման անցաւ ու սկսաւ արգելակումի քայլերու նոր արշաւի մը։
Ահա թէ ինչու 27 Յունուարի ցոյցերը ունին տարբեր իմաստ ու խորք, իսկ անոնց կազմակերպիչները աւելի ինքնավստահ են, թէ իրենց ստեղծած ալիքը պիտի սկսի արդիւնաւորուիլ։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ այս ցոյցերուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ զօրակցութիւն ցոյց տալ այն ներկայացուցիչներուն, որոնք բացայայտօրէն դէմ են իրաքեան պատերազմին, ճնշում բանեցնել երկմտողներուն վրայ ու զանոնք բերել խաղաղութեան ընտրանքի զօրակայանը, վերջապէս, յստակ պատգամ մը ուղղել բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը կառչին պատերազմը շարունակելու եւ զայն յաւելեալ սաստկացումի տանելու ընտրանքին։
ՔԱՆԻ ՄԸ ԹՈՒԱՆՇԱՆ
Սատտամ Հիւսէյնի կախաղան բարձրանալէն, անոր ձերբակալութենէն եւ տակաւին, շարք մը այլ «իրագործումներէ» առաջ ու ետք, բացայայտ դարձած է, որ Իրաքի վրայ ամերիկեան յարձակողականին համար տրուած սկզբնական պատճառաբանութիւնները, արդարացումի փորձերը սնանկ էին կամ սնանկութեան մատնուեցան շուտով։ Նոյնքան եւ բացայայտ դարձած է, որ Իրաքի իշխանաւորներուն ասպարէզէ հեռացումը ոչ մէկ աղերս ունէր (ունի) այն զարգացումներուն հետ, որոնք այսօր կը խմբուին «Իրաքի պատերազմ» խորագիրին տակ եւ աշխարհի տարեգրութեանց մէջ արձանագրած են ահաւոր թուանշաններ։ Արձանագրենք անոնցմէ մէկ քանին։
Իրաքի մէջ ինկած ամերիկացի զինուորներուն թիւը անցած է երեք հազարը, ինչ որ կը շեշտէ պատերազմին ընդդիմացողներուն դրամագլուխը )իսկ թէ ինչու լուսարձակի տակ չեն բերուիր վիրաւորներու, հաշմանդամ դարձողներու եւ հոգեբանական հիւանդներու թիւերը՝ այլ հարց(։ Նուազ կը խօսուի իրաքցի զոհերուն թիւին մասին, կարծէք թէ անոնք ըլլային երկրորդական։ ՄԱԿի պաշտօնական տեղեկագիրները յայտնեցին, որ 2006ին, Իրաքի մէջ արձանագրուած են աւելի քան 36 հազար քաղաքային զոհեր։ Այլ աղբիւրներ կը հաւաստիացնեն, որ պատերազմին շղթայազերծումէն ի վեր, պատահական-անմեղ զոհերուն թիւը անցած է 650 հազարը։ Նման պատկերի դիմաց, թիւերը կը սկսին կորսնցնել իրենց սոսկական արժէքը ու նորագոյն պատմութեան մէջ կ՚արձանագրեն ահաւոր ողբերգութիւն մը, որուն վախճանը տակաւին անորոշ է եւ որուն վերջ տալու կը ձգտին խաղաղասիրական նմանօրինակ բողոքներ։
Պաշտօնական հաշուեցոյցերու համաձայն, ամերիկեան պետութիւնը ցարդ ծախսած է շուրջ 360 միլիառ տոլար. ներկայիս, ամսական ծախսը կ՚անցնի ութ միլիառ տոլարը։ Այս «հանգանակութեան» մասնակից է շահատուրք վճարողը, որուն այլապէս կը տրուին կրթական, ընկերային ապահովութեան ու ապրուստի բարելաւման այնպիսի խոստումներ, որոնք իրականացումը երազային կը թուի մսխումի այս պատկերին դիմաց։ )Ի դէպ, վերոյիշեալ շարժումը իր կայքէջին վրայ դրած է հաշուեցոյց-ժամացոյց մը, որ ցոյց կու տայ, թէ այս տոպրակին մէջ նետուող գումարները ի՛նչ արագութեամբ կ՚աճին եւ ամերիկեան իւրաքանչուր նահանգի կամ քաղաքի բաժինը որքան է։ Օրինակի համար Քալիֆորնիոյ մասնակցութիւնը կը գնահատուի աւելի քան 45 միլիառով, Լոս Անճելըս քաղաքին բաժինն է աւելի քան չորս միլիառ տոլար, Սան Ֆրանսիսքոյի բաժինը՝ աւելի քան 1.2 միլիառ տոլար եւայլն(։ Նախագահ Պուշ եւ զինակիցները բացայայտ դարձուցած են, որ շուրջ 100 միլիառ տոլարի նոր «դեղագիր» մը պատրաստած են, ֆինանսաւորելու համար պատերազմին յառաջիկայ փուլերը։ Երեքշաբթի գիշերուան իր ճառին մէջ, նախագահը դարձեալ գործածեց ահաբեկիչները հալածելու խաղաքարտը, ըսելով, որ եթէ այս պահանջներուն ընթացք չտրուի, ահաբեկիչները պիտի հալածեն ու սպաննեն ամերիկացիները )մարդս կը զարմանայ, թէ սա ահաբեկիչները ինչո՞ւ այսքան սիրահարուած են ամերիկացիներ սպաննելով եւ ինչո՞ւ, օրինակի համար, չինացիներ, ճափոնցիներ, անգա՛մ գերմանացիներ ու իտալացիներ չեն հալածեր ու սպաններ…(։
Այս բոլորին դիմաց, Իրաքի ունեցած նիւթական վնասներուն հաշիւը յայտնապէս ոչ ոք կը պահէ )Ի՜նչ կարեւոր է, պիտի մտածէ միջին մարդս(։ Հիմա, հազուադէպօրէն կը խօսուի իրաքեան քարիւղի հարստութեանց շահարկման ծրագիրներու մասին, թէեւ անիկա դուրս չէ ձգուած օրակարգերէ։
Ի՞ՆՉ ԵՐԱՇԽԻՔ
Նոյեմբերէն ասդին ստեղծուած իրավիճակին դիմաց, արդար է հարց տալ, թէ բարեշրջման ակնկալութիւնները որքանո՞վ արդարացի են եւ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ Իրաքի պատերազմին վերջ տալու պահանջը ընթացք պիտի գտնէ։ Այլ խօսքով, քոնկրէսական ընտրութեանց արդիւնքը վճռող տուեալներն ու հակապատերազմեանները պիտի շարունակե՞ն ընթանալ նոյն ալիքին վրայ, թէ ալիքներէն մէկը պիտի պայթի կանխահասօրէն։
Մեկնաբաններու համար դասական խօսք է ըսել՝ «Ժամանակը ցոյց պիտի տայ»։
Նորագոյն աշխարհի իրականութիւնները իրաւունք կու տան դիտողին ըսելու՝ որ բարեփոխման յոյսերն ու նախանշանները խաբուսիկ են, որովհետեւ մարդկային կեանքը արժեզրկող ռազմատենչներուն համար, բաց է ու բաց պիտի մնայ շահերու բազմապատկումի սակարանը, իսկ պատերազմի ընտրանքին ընդդիմացողները ուշ կամ կանուխ պիտի ներգրաւուին Շահու ոլորապտոյտին մէջ։ Ի վերջոյ, 2008ի նախագահական ընտրապայքարի դաշտը սկսած է յարդարուիլ եւ սակարանը պիտի կազմակերպուի նոյն նշանախօսքերով։
Այս բոլորով հանդերձ, անցեալի փորձառութիւնները նաե՛ւ ցոյց տուած են, որ մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը տեղ մը, որոշ աստիճանի մը վրայ, անպայման որ ըսելիք ունեցած են ու դարձեալ ըսելիք պիտի ունենան։ 27 Յունուարի ցոյցերուն կազմակերպիչները իրենց ստեղծած ալիքին վրայ գրաւ կը դնեն՝ մտաբերելով յատկապէս Վիեթնամի պատերազմին վերջ տուած ալիքին պատմութեան։
Արդ, այս ցոյցերը պիտի ըլլա՞ն պատերազմի տրամաբանութեան դիմաց գոյացող ձիւնագնդակը գլորելու մեկնակէտը, թէ՞… կենսոլորտի ջերմացման ալիքը պիտի հալեցնէ նաեւ այս ձիւնագնդակը։