
ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Կիրակի, 29 Մայիսին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Արամ Ա. վեհափառին անուանակոչութիւնը։
Ս. պատարագին ընթացքին, հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ Աստուած, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգը ամբողջ, եւ Իր շնորհքն ու իմաստութիւնը շնորհէ բոլոր անոնց՝ որոնք իշխանութեան պատասխանատուութեան վրայ կը գտնուին։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ աղօթեց Աստուծոյ, որ Իր Ս. Աջովը օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, եւ Իր հովանիին տակ պահէ մեր հայրենիքն ու Ս. եկեղեցին։
Հանրապետական մաղթանքին յաջորդեց Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի յաւուր պատշաճի քարոզը․ հայր սուրբը նշեց, թէ այսօր առաւել քան երբեք հայ ժողովուրդը կարիքը ունի հայրենիքի հովանիին տակ միախմբուելու եւ հայ ազգին շնորհուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու։
Այս առիթով կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ հայրենի հողի անկախութեան եւ պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիի խաղաղութեան համար։
Ս. եւ անմահ պատարագին աւարտին, գլխաւորութեամբ վեհափառին, միաբան հայրերը, դպրեվանեցիները, կաթողիկոսարանի կիրակնօրեայ վարժարանի սաները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր իրագործուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշներ, Մայիս 28ի շունչով զարդարեցին դահլիճը։
Յայտագրին աւարտին ուղերձ ընթերցեց Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան։ Հայր սուրբը ուղերձին մէջ յիշեց յանուն ազատութեան եւ անկախութեան հայ ազգի զաւակներուն կատարած սխրանքները։ Ան, իր խօսքի աւարտին, ի դէմ միաբանութեան եւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորեց վեհափառին անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց արեւշատութիւնը։ «Մայիս 28-ը մեր երազներու իրականացումն է, մեր անցեալի փառքը եւ ապագայի յոյսը: Անիկա խորհրդանիշն է հայ ազատատենչ ոգիին եւ մեր ժողովուրդի վերածնունդին: Անիկա պատասխանն է մեր աղօթքին եւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած առիթը մեզի՝ ազատօրէն ապրելու, պայքարելու, վերականգնելու եւ գոյատեւելու:
Մայիս 28ը կերտողներու անձնուէր եւ հայրենասէր ոգին, մեզի համար կողմնացոյց է՝ կարենալ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, առաւել հզօրանալու եւ իբրեւ ազգ միանալու ու բարգաւաճելու: Ահա այդ ոգին է, որ պիտի առաջնորդէ Սփիւռքը, պիտի հզօրացնէ Հայաստանը եւ պիտի ազատագրէ Արցախը: Այդ ոգիին մարմնացումը՝ այդ օրերու յաղթանակը կերտած Արամ Մանուկեանն է: Բիւրաւոր քաջարի մարտիկներու կողքին եւ անոնց օգնութեամբ, Արամ Մանուկեան դարձաւ հիմնադիրը մեր պետականութեան եւ իր գործունէութեամբ եւ անխորտակելի կամքով, ղեկավարեց պայքարը եւ կերտեց անկախութիւն: Ան իր ժողովուրդի ճակատագիրին տէր կանգնեցաւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի յաղթանակ:
Այսօր, Մայիս 28ը եւ անոր կերտիչները յիշատակելու այս առիթին, որդիական սիրով, ակնածանօք եւ երախտագիտութեամբ, կու գանք շնորհաւորելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անուան տօնը նաեւ», ըսաւ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան:

Հանդիսութեան աւարտին, կաթողիկոսը իր հայրական խօսքը ուղղեց ամբողջ հայութեան։ Ան յայտնեց, որ այսօր մեր հայրենիքի անկախութեան պաշտպանը միայն Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդը չէ, այլ նաեւ Սփիւռքի հայութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ միասնաբար պէտք է մեր անկախութիւնը պաշտպանենք այս կը յիշեցնէ մեզի Սարդարապատի ճակատամարտը եւ Մայիս 28ը։ Հայրապետը շեշտեց, թէ այսօր Մայիս 28ը միայն մոմ վառելու, ծաղկեպսակ զետեղելու, հանրահաւաքներ կազմակերպելու առիթ չէ՛, այլ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան: Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբա՛ր պէտք է հայոց անկախութեան պաշտպանը դառնան:
Ապա, վեհափառը յիշելով Արցախի քառօրեայ եւ 44օրեայ պատերազմներուն նահատակուած քաջարի հայ զինուորները՝ ընդգծեց, որ անոնք իրենց արիւնը թափելով հերոսացան հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար: Ան նաեւ նշեց, որ Հանրապետական մաղթանքին ընթացքին մենք բոլորս աղօթք վերառաքեցինք առ բարձեալն Աստուած, որ խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն շնորհէ Հայաստանի ղեկավարներուն, մտաւորականներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի հայրենիքի փրկութիւնը եւ անկախութիւնը ամէն բանէ վե՛ր եւ վե՛հ նկատեն: Մեզմէ ա՛յս կը պահանջէ Մայիս 28ը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ