ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի յոյս յայտնեց, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները յաջողութեամբ կը շարունակուին: Ան այս մասին ըսաւ Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Մեր տարածաշրջանի ապագան սերտօրէն կապուած է խաղաղութեան միջավայրին հետ: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները յաջողութեամբ կը շարունակուին: Կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութիւնը այդ գործընթացին մէջ: Գիտենք, որ այդ բանակութիւններուն արդիւնքէն կախեալ է տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը, իսկ խաղաղութեան հաստատումէն կախեալ է տնտեսական զարգացումը», յայտարարեց Վրաստանի նախագահը:
Զուրապիշվիլի նաեւ նշեց, որ Վրաստանի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու խաղաղ համակեցութիւնը դրական օրինակ է ամբողջ Կովկասի համար:
Վահագն Խաչատրեան ըսաւ, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ դրացի Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման:
«Այսօր ես եւ տիկին նախագահ Զուրաբիշուիլին ունեցել ենք բաւական յագեցած քննարկումներ, որոնք ներառում են երկկողմ համագործակցութեան ամենատարբեր ոլորտներ: Մասնաւորապէս քննարկել ենք ենթակառուցուածքային ծրագրերի վերաբերեալ հարցերը, որոնք միտուած են ապահովելու հաղորդակցութեան միջազգային նախագծերում անհրաժեշտ ներգրաւուածութիւնը, ինչպիսին են՝ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային միջանցքները: Վերահաստատել ենք մեր յանձնառութիւնը՝ պահպանելու առկայ բազմաբովանդակ յարաբերութիւնների բարձր մակարդակը եւ առաւել հարստացնելու համագործակցութեան օրակարգը», Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի լրատուականի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ յայտարարեց Խաչատրեան:
Նախագահը յայտնեց, որ Վրաստանի իր պաշտօնակիցին հետ անդրադարձած ենք նաեւ ապահովական, քաղաքական եւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու: «Ցանկանում եմ ընդգծել, որ նման հարցերում առկայ փոխըմբռնումը պայմանաւորուած է հայ-վրացական անխախտ բարեկամութեան գիտակցմամբ», ըսաւ ան: