ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Մայիսին Սարդարապատէն եւ Բաշ Ապարանէն տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման ինքնաշարժներու երթ: Անկէ առաջ Ապարանի մէջ շարժման մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին զօրավար Դրոյի յիշատակին:
Այլ խումբ մը այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր, ուր եւս յարգանք տուրք մատուցուեցաւ մայիսեան յաղթանակը կերտողներուն յիշատակին:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման համապետական բազմամարդ հանրահաւաք, որ ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որոնցմէ ետք հանրահաւաքի մասնակիցները միասին երգեցին «Սարդարապատ» երգը:
Երգի աւարտին հնչեցին «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներ, ապա ընթերցուեցան հատուածներ հայոց զոյգ կաթողիկոսներու ուղերձներէն:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Մայիս 28ի խորհուրդով է, որ մենք կրցանք մեր ինքնութիւնը պահպանել, աշխարհի քարտէսին վրայ մեր տեղը անսասան արձանագրել: Ան դիտել տուաւ, որ Մայիս 28ով հիմը դրուեցաւ նորօրեայ պատմութեան, որուն ընթացքին ունեցած ենք մեծ յաղթանակներ, յաջողութիւններ: Ռուստամեան շեշտեց, որ յաղթանակները պահելու համար պէտք է շարունակել պայքարը, մերժել նոր զիջումները եւ տէր կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին:
Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ 104 տարի առաջ մեր նախնիները դուրս եկան պայքարի ու յաղթանակեցին, որպէսզի ծնի Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այսօր տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կրկին պայքարի ելած են, հայ ժողովուրդը կանգնած է գոյաբանական նոյն խնդիրին դէմ յանդիման: Ան ընդգծեց, որ մեր դիմաց նոյն ցեղասպան Թուրքիան է, նոյն Ատրպէյճանը՝ նոյն ծրագիրներով ու գործիքներով, ուստի պէտք է նոյն պայքարը շարունակել, նաեւ՝ ներքին ճակատի վրայ, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը օրինականութիւն չունի բանակցութիւններ վարելու եւ ժողովուրդին անունով որոշում տալու:
Այնուհետեւ ցուցարարները երթ կատարեցին Մաշտոցի պողոտայ-Կորիւն-Նալբանդեան փողոցներով՝ ծաղիկներ զետեղելով Արամ Մանուկեանի արձանին: Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ արձանին դիմաց ո՛չ միայն Արամ Մանուկեանին նկատմամբ յարգանք կը մատուցուի, այլ նաեւ խոստում կը տրուի շարունակելու անոր ու իրեն նման նուիրեալներու երթը:
