Անցեալ շաբաթ Ռամալլա եւ Իսրայէլ այցելած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Կը շարունակենք Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւնները համակարգել Պաղեստինեան իշխանութեան հետ, եւ պաղեստինեան դատին մեր զօրակցութիւնը Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւններէն անկախ է: Կարելի չէ Պաղեստինի նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնը փոխել, սակայն պէտք է լարուածութիւնը մեղմացնել եւ պաղեստինեան ձայնը բարձրացնել»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Աքսայի մզկիթին մէջ այս ամիս տեղի ունեցածը «կը խոցէ բոլոր իսլամներուն սիրտը»՝ շեշտելով Աքսայի մզկիթի «սրբութեան պահպանման» կարեւորութիւնը:
«Երկու պետութիւններու լուծումը շատ կարեւոր է, եւ միակողմանի քայլերը հետզհետէ աւելի կը քանդեն խաղաղութեան ենթահողը», ըսաւ ան՝ նշելով. «Միայն այս ձեւով կարելի է լուծել պաղեստինեան հարցը, եւ Թուրքիա պիտի շարունակէ այս ուղղութեամբ իր դերը կատարել»:
Նշենք, որ այցը աւելի քան տասը տարուան ընթացքին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն էր Իսրայէլ: