ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու թրքական «Սապահ» թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութիւն կատարելու պիտի ստիպուի, «եթէ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ վտանգը բարձրանայ»:
«Թուրքիոյ նկատմամբ սպառնալիքը «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան շրջանին եւ այլ շրջաններուն մէջ սկսաւ աւելնալ, եւ մենք այդ գործողութիւնը կատարեցինք սպառնալիքին վերջ տալու համար: Սակայն եթէ սպառնալիքը անգամ մը եւս երեւան գայ, ապա մեր պարտականութիւնն է ատոր դէմ քայլերու ձեռնարկել, եւ ամերիկացիները կ՛ըսեն, թէ կը հասկնան մեր մտավախութիւնները», յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Անգարա կը ծրագրէ յառաջիկային Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ նոր յարձակումի սկսիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան:
Զինուորական այդ գործողութիւններուն նպատակը, անոր համաձայն, պէտք է դառնայ Թուրքիոյ հարաւային սահմանի երկայնքին ստեղծումը 30 քիլոմեթր լայնքով «ապահովութեան գօտի»ի մը, որ պիտի ծառայէ «այդ շրջանէն բխող ահաբեկչական սպառնալիքները ճնշելուն»:
Անգարա Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերը «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կը նկատէ՝ պնդելով, որ անոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն Թուրքիոյ համար:
«Ժամանակ» կը գրէ, թէ Էրտողան Երկուշաբթի օր հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ: Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին եւ Էրտողան առաջարկեց Ռուսիա-Ուքրանիա-Թուրքիա-ՄԱԿ գագաթաժողով մը կազմակերպել՝ պատերազմական իրավիճակը հարթելու առաջադրութեամբ:
Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Մոսկուա պատրաստ է Անգարայի հետ աշխատելու, որպէսզի վերսկսին պատերազմի հետեւանքով կանգ առած ծովային բեռնափոխադրումները՝ ներառեալ հացահատիկի արտածումը:
Էրտողան-Փութին զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապը: Այս պարագային ժամկէտը ուշագրաւ էր, որովհետեւ Անգարա վերջին շրջանին հետզհետէ կը բարձրաձայնէ, որ նոր ռազմական գործողութիւններու կը պատրաստուի Սուրիայէն ներս՝ չէզոքացնելու համար իր դէմ ուղղուած սպառնալիքները:
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ, Անգարա եւ Մոսկուա համագործակցած են սերտօրէն՝ դաշտի վրայ ունենալով ռազմական ներկայութիւն: Այդ համագործակցութիւնով հանդերձ, անոնց միջեւ միշտ եղած են նաեւ տարակարծութիւններ: Ուքրանիոյ պատերազմը եկած է զգալիօրէն փոխելու իրավիճակը՝ մանաւանդ, որ ընթացքը ռուսական կողմին տեսակէտէ այդքան ալ նպաստաւոր չէ:
Վերջերս միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Ռուսիա կը պատրաստուի զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն՝ իր կողմէ վերահսկուած տարածքները յատուկ համաձայնութիւնով մը փոխանցելով Իրանին: Վերջին շրջանին Թուրքիա սկսած է իր օդային տարածքի օգտագործման առումով սահմանափակումներ կիրառել ռուսական օդանաւերու դէմ, ինչ որ համալրման բարդութիւններ կը յառաջացնէ դաշտի վրայ:
Այս բոլորէն վերջ, Էրտողան-Փութին զրոյցը եղաւ առանցքային: Էրտողան յիշեցուց, որ Սուրիայէն ներս քրտական «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»ը կը շարունակէ իր յարձակումները Թուրքիոյ եւ երկրին քաղաքայիններուն դէմ: Ան յիշեցուց 2019ի Հոկտեմբերի համաձայնութիւնը, ուր նախատեսուած է 30 քիլոմեթր խորութեամբ ահաբեկչութենէ զերծ գօտիի մը ստեղծումը: Էրտողան Փութինի նկատառման յանձնեց, որ այդ գօտիին ստեղծումը այժմ արդէն դարձած է ստիպողական: