Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է աջակցելու Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատելու ջանքերուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
«Մենք յանձնառու ենք՝ խթանելու Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին համար խաղաղ, ժողովրդավարական ու բարեկեցիկ ապագան: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեան միջոցով՝ օգնելու շրջանին գտնելու երկարատեւ համապարփակ խաղաղութիւն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետի ուղերձին մէջ:
Պլինքըն նաեւ կոչ ուղղած է կատարելու բարեփոխումներ, որոնք պիտի պաշտպանեն մարդկային իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, որոնք նախատեսուած են Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Ուքրանիոյ հարցին մէջ Ատրպէյճանի ցուցաբերած աջակցութիւնը: