

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը 5էն 13 Յունիսի միջեւ պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու հանրային (PBS) շուրջ 330 կայաններէ, մօտաւորապէս 1000 անգամ:
Ձեր քաղաքին մէջ ցուցադրութեան ժամանակացոյցին ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը կամ կայքը:
Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիի ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:
Ֆիլմը նախապէս տարբեր առիթներով ցուցադրուած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ հանրային կայաններէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ NBCLX կայանէն: