ՍՈՆԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Տարիքի բերումով ունեցած անքնութիւնս պատճառ հանդիսացաւ, որ ձեռք առնեմ ինծի թելադրուած «Ակուրա» խորագրով, 2021ին հրատարակուած գիրքը, որուն հեղինակն է Դանիէլ Վարուժան Թիւֆէնքճեան։
Մօտաւորապէս երեկոյեան ժամը 10 եղած էր, երբ սկսայ կարդալ 178 էջերէ բաղկացած այդ գիրքը, որ չկարենալով մէկդի դնել, վերջացնելու վճռական որոշումով մը շարունակեցի կարդալ ամբողջ բովանդակութիւնը, տող առ տող։ Առաւօտեան ժամը 4ին աւարտած էի ընթերցումս, նկատելով հեղինակին գրելու ինքնատիպ ոճը, ինչպէս նաեւ անոր դիտելու եւ զգալու հզօր զգայարանքները։
Գրախօսական չէ գրածս, արդէն այդ մէկուն պատրաստուածութիւնն ու յաւակնոտութիւնը չունիմ, բայց գիտեմ, որ այդ գիրքը կարդալ սկսելէս մինչեւ աւարտը, «Ապրշումի կծիկին» պէս, աչքիս առջեւ յիշատակներու շղթայ մը, իր թուականներով, արագօրէն քակուելու սկսաւ, ապա դանդաղօրէն շարունակուեցաւ ու վերջապէս կանգ առաւ։
Գիրքի պարունակութիւնը կազմող տիպարներէն մէկ քանին ծանօթ են ինծի, որոնցմէ առաջինը՝ հանրածանօթ, մէկէ աւելի գիրքերու հեղինակ պրն. Մովսէս Պչաքճեանն է, որ ուսուցիչս եղած էր Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, իսկ յաջորդ տիպարներուն համար թոյլ տուէք, որ փոխադրուիմ 1960ական թուականները։
Այդ օրերուն, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս անդամագրուեցայ որպէս արծուիկ։ Կաղանդի, Ծննդեան ու Զատկուան տօներու առիթով, «Շնորհաւոր նոր տարի եւ Ս. ծնունդ» կամ «Յիսուս Յարեաւ իմ մեռելոց» խօսքերը բոլոր հայ ընտանիքներուն առաջին անգամ ըսողները մենք էինք։ Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ չորս արծուիկներով մեր տարազները հագած՝ շնորհաւորական քարտերը չկորսնցնելու վախով մեծ զգուշութեամբ սկսանք շէնքեր բարձրանալ ու դռներ թակել։
Հալէպի Թիլէլ թաղամասին մէջ, ՀՄԸՄի ակումբէն ոչ այնքան հեռու, շէնքի մը բնակարաններէն մէկուն դուռը հազիւ թակելու վրայ էինք, երբ անսպասելիօրէն այնքան արագ բացուեցաւ սեւազգեստ, բարձր կրունկով, խնամուած մազերով ու եղունգներով, ոչ տարեց, բարեձեւ ու վայելուչ, տիկնոջ մը կողմէ, որուն վայելչութենէն բոլորս հմայուած՝ քանի մը երկվայրկեանի համար քարացած մնացինք, բայց բարեբախտաբար չմոռցանք քարտը յանձնելով՝ մեր շնորհաւորական մաղթանքը ընել ։
Ցատկռտելով, երբ շէնքէն վար սկսանք իջնել, արծուիկներէն մէկը զինք ճանչցած՝ բոլորիս իմացուց, որ այդ ազնուական կինը, այդ օրերուն մէկէ աւելի մեր ունեցած աստիճանաւորներէն, ամէնէն դեռատի աստիճանաւոր, Սալբի Որբերեանին մայրն էր, տիկ. Լիլի Որբերեանը։
Այդ օր, շատ դռներ սիրայօժար բացուեցան մեզի համար, տեսանք շատ աւելի գեղեցիկ մայրեր, բայց իմ աչքերովս դիտուած՝ հակառակ փոքր տարիքիս, չտեսայ նոյնքան բարեձեւն ու վայելուչը, որքան էր տիկ. Լիլի Որբերեանը։
Նոյն այդ թուականներուն էր, երբ հայահոծ Հալէպի մէջ հայերը ահով ու սարսափով կ՛ապրէին, կառավարութեան կողմէ դաշնակցականներու դէմ ձերբակալութիւններ սկսած էին, ու հակառակ այդ սարսափի մթնոլորտին, Հալէպի ՀՄԸՄի վարչութիւնը երբե՛ք չվարանեցաւ, ոչ իսկ վայրկեան մը հրաժարեցաւ իր տարեկան դէպի Քեսապ բանակումը կազմակերպելէն. արծուիկներուն համար որպէս իջեւան, ճաշարան ու գրեթէ ամէն ինչ տրամադրած էր Քեսապի ակումբը, անկախ անոր, թէ այդ օրերուն, հոն ալ մեռելային մթնոլորտ մը կը տիրէր։
Կը յիշեմ, առաւօտ մը արթնցանք, աստիճաններէն վար իջանք ամէնօրեայ մեր չափական մարզանքը ընելու ու յանկարծ ակումբի բակին մէջ Ինչ՞ տեսնենք… քով-քովի այնքան խնամքով ու բծախնդրութեամբ, խճաքարերով շարուած ՀՄԸՄի նշանաբան՝ «Բարձրացիր, բարձրացուր»ը…։ Զարմացած՝ կմկմալով մէկը միւսին սկսածը վերջացուցած, բոլորս կարդացինք զայն…։ Այդ օր, այդ բակը, առաւօտ կանուխ, սրբավայրի տպաւորութիւն ձգեց մեր վրայ, ուր կարծես հրաշք մը եղած ըլլար. հանդարտ քայլերով անցանք նշանաբանին քովէն, բայց մարզանքը աւարտելէ վերջ, երբ իրարու հարցուցինք, թէ ո՞վ է այդ գործին հեղինակը, յանկարծ մեր օրուան հիւր, Ճեմարանի ուսուցիչ եւ պետութեան քով որոշ մարմնակրթութեան պաշտօններ վարած Եահիան բարձրաձայն ըսաւ. «Հատա շղլ Դանօ ու Հրաչ… ղէյրոն մին պտտօ եաամել.․.»։ Այսինքն՝ «Այս գործը Դանոյին ու Հրաչին գործն է, բացի անոնցմէ ով՞ պիտի ընէ…»։ Շատ չանցած, արաբ ուսուցիչին ու պատասխանատու աստիճանաւորներուն միջեւ մրցակցաբար գովասանքներու շարք մը ծայր տուաւ, ուր զիրար գերազանցելով ՝ ուրիշ բան չըսին, եթէ ոչ, «ես քեզմէ աւելի առաջ եւ լաւ» կը ճանչնամ այս տղոց։
Կծիկը կը շարունակուի քակուիլ…
1967ին, 10րդ դասարանի աշակերտուհի էի Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, երբ մեր բնագիտութեան ուսուցիչ՝ պրն. Մաքթապին, դասը աւելի հետաքրքրական դարձնելու միտումով, մեզի առաջնորդեց «Տիգրանեան» սրահին վերի յարկը գտնուող տարրալուծարանը. հոն երթալը մեզի համար նորութիւն ըլլալով՝ ուրախ-զուարթ պարտէզագնացութեան մը երթալու հոգեվիճակով վեր բարձրացանք աստիճաններէն, որոնց հանդիպակաց կողմը գունագեղ վարդենիներով լեցուն պարտէզի աւազանին դիմած կար դպրոցի հիմնադիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, բարեբախտաբար կիսանդրին, այլապէս՝ աշակերտները սաստելով, զանոնք կարգի բերելու համար անպայմա՛ն ըսելիք պիտի ունենար …։ Կը շարունակենք վեր բարձրանալ, տարրալուծարանի անցքին մէջ, աջ պատին վրայ ուշագրաւ էր շատ պարզ շրջանակով նկար մը, հեռուէն՝ տկար տեսողութեամբ, հազիւ զինուորական ըլլալը ճշդեցի. Գէորգ Չաւուշը չէր, ոչ ալ Սերոբ Աղբիւրը, կողմնակի նկարուած՝ ո՞վ կրնար ըլլալ այդ զինուորականը, որուն ձախ սրունքի երկայնքին յենած էր չեխոսլովաքեան երկար հրացան մը…։ Ամբողջ իր հասակով նկարուած՝ ինծի բարտիի, շոճիի կամ նոճիի մշտադալար ծառ մը յիշեցուցած անձին անունը գտնելու հետաքրքրութեամբ,երբ մօտեցայ անոր, ուշի ուշով նայելէ վերջ, յստակօրէն կարդացի՝ Դանիէլ Թիֆէնքճեան։
Շատ գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր բարձունքի մը վրայ առնուած էր նկարը, զիս տպաւորած։ Ետ ետ նայելով տարրալուծարան մտայ։ Ուսուցիչ պրն. Մաքթապին գիտական փորձերով իր դասաւանդութեան սկսաւ, հազիւ 10-15 վայրկեան անցած էր, երբ ցրուած աշակերտները իրեն կապելու ճիգերուն մէջ ձախողած՝ յանկարծ կաւիճը օդին մէջ նետելով՝ ամպիոն բարձրացած , սեղանին առջեւ դրուած աթոռը քաշելով նստեցաւ, ու գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած՝ երկար շունչ մը քաշելէ վերջ․ «Նիյէլ իյամ Դանօ ու Հրաչ» , ըսաւ. Թարգմանաբար՝ երանի՜ Դանոյի ու Հրաչի օրերուն…
Մի քանի վայրկեան տարրալուծարանին մէջ քար լռութիւն տիրեց, երկու ոչխար կորսնցնող հովիւի մը պէս կարծես զիրենք կը փնտռէր…։ Բայց որո՞նք էին այդ տղաքը եւ ինչո՞ւ սերունդներ պատրաստող այդ ուսուցիչը այս երկուքին անունները յիշեց միայն, ինչու՞ չյիշեց Սեդրակ Գարանֆիլեանը, որ Սուրիոյ ամբողջ աշակերտներուն մէջ առաջնութիւնը շահած էր։
Այս մանրամասնութեամբ, ինծի պէս, ուրիշ մըն ալ արդեօք դէպքը կը յիշէ՞…: 1976ին Լիբանանի համալսարանին մէջ լրատուական ճիւղը աւարտած ըլլա՞լս էր պատճառը, որուն համաձայն՝ տեսածդ ու լսածդ մանրամասնութեամբ ու ճշգրտութեամբ տալու պարտաւորութիւն մը զգացի, կամ ամբողջ 20 տարի պետական դպրոցի մէջ ունեցած ուսուցչական փորձառութիւնս զիս քաջալերեց հիմա ըսելու, որ ուսուցիչ մը կրնայ յիշել կամ չյիշել ոեւէ աշակերտ, ըլլայ ան առաջնակարգ կամ ոչ, ուսուցիչ մը իր մէկ արտայայտութեամբ կրնայ շինել կամ խորտակել աշակերտի մը ապագան։ Օրինակները շատ են, բայց երբ ուսուցիչ մը իր պատրաստած սերունդներէն կը զատորոշէ մէկ կամ երկու աշակերտներ եւ չի մոռնար զանոնք, ըսել է թէ անոնք եղած են անվիճելիօրէն օրինակելի, յիշուելու արժանի աշակերտներ, մէկէ աւելի մարզերու մէջ, ուսումնականի կողքին։
«Ակուրա» գիրքին հեղինակ՝ Դանիէլ Վարուժան Թիֆէնքճեանին ճանչցած եմ միայն նկարով, ինչպէս ինք ճանչցած էր իր մեծ հայրը…, բայց հիմա զինք լաւ ճանչցած՝ այս ամէնը յիշելով ու յիշեցնելով համաճարակի ու սղաճի այս օրերուն, ծովերէ ու ովկիանոսներէ անդին՝ ինծի ընծայած մտովի այս ճամբորդութեանս համար անվարան կ՛ըսեմ․ «Շնորհակալ եմ»…։