ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Հոգեգալուստը Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է: Այդ օրն էր, որ եկեղեցին ծնունդ կ՛առնէր եւ նոր եւ փառաւոր դարաշրջան մը կը բացուէր Յիսուսի առաջին հետեւորդներու կեանքին մէջ: Այս կարեւոր դէպքը Նոր Ուխտի Գործք Առաքելոց երկրորդ գլխուն մէջ արձանագրուած է:
Հոգեգալուստը տեղի կունենար հրէից Պենտեկոստէի օրը: Պենտէկոստէն հրէական երեք գլխաւոր տօներէն մէկն էր: Այս տօնը հանդիսաւոր կերպով կը տօնուէր հրէից Զատիկէն (Պասէխ) 50 օր յետոյ: Ան նուիրագործուած էր իբրեւ յիշատակի օր՝ երբ Աստուած Հնգամատեանը («Թօրա»ն) տուաւ հրեայ ժողովուրդին:
Հնգամատեանի տուչութիւնը նոր սկիզբ մը, նոր ծնունդ մըն էր Աստուծոյ եւ հրեայ ժողովուրդի յարաբերութեան մէջ: Հոգեգալուստի դէպքն ալ տեղի կունենար Պենտեկոստէի օրը՝ խորհրդանշելու, թէ ան Աստուծոյ Ս. հոգիին տուչութիւնն էր Նոր Ուխտի հետեւորդներուն, Քրիստոսի եկեղեցիին համար:
Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Պէնտէկոստէի օրուայ Հոգեգալստեան այդ հոգեպարար դէպքին կը մղուինք հետեւեալ խորհրդածութեանց.
Առաջին. Քրիստոնեայ եկեղեցին ծնունդ առաւ որպէս արդիւնք Սուրբ հոգւոյն ներգործութեան: Եկեղեցին ծնունդ չառաւ գաղափարակից մարդոց ծրագրով եւ աշխատանքով, որոնք իրարու հետ համաձայնելով մտածեցին «Քրիստոնէական եկեղեցի» անունը կրող կազմակերպութիւն մը ստեղծել: Եկեղեցին սկսաւ երբ մարդիկ Սուրբ հոգիով լեցուած Քրիստոսի վկաները դարձան: Առաջին եկեղեցին որպէս կազմակերպութիւն պարծենալիք շատ բան չունէր, բայց ունէր Ս. հոգիին լեցունութիւնը: Այդ էր որ զինք դարձուց զօրեղ եւ զինուորեալ հոգեւոր կազմակերպութիւն մը:
Երկրորդ. Ս. հոգին զօրեղ ազդեցութիւն ունեցաւ Հոգեգալուստի օրը հաղորդակցութեան մարզին մէջ: Երուսաղէմի Վերնատան մէջ մէկտեղուած հաւատացեալներուն վրայ հրեղէն լեզուներ երեւցան, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ եւ սկսան լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Ս. հոգին խօսիլ կու տար (Գործք 2.3-4):
Լեզուն խորհրդանիշ է հաղորդակցութեան: Ս. հոգին կը վերցնէ բոլոր պատուարներն ու արգելքները քրիստոնեայ մարդոց միջեւ: Ան նաեւ կը հարթէ ցեղային, աշխարհագրական եւ այլ արգելքներ, որոնք կը բաժնեն մարդիկ: Ս. հոգիին ազդեցութեան հակոտնեայ պատկերն էր Բաբելոնի աշտարակաշինութեան պատմութեան երբ մարդոց լեզուները խառնուեցան եւ չկրցան իրարու հետ հաղորդակցիլ:
Հոգեգալուստի օրը 15 տարբեր ազգութիւններու պատկանող մարդիկ ականատես եւ ականջալուր եղան Քրիստոսի Աւետարանի պատգամին եւ իմացան զայն իրենց գործածած լեզուներով:
Հոգեգալուստի պատգամներէն մէկն ալ այն է, որ հաւատացեալներու սրբազան պարտականութիւնն է Քրիստոսի սիրոյ եւ փրկութեան Աւետարանը շեփորել մինչեւ որ ամէն մարդ հասկնայ զայն իր հասկցած լեզուովը:
Երրորդ. Ս. հոգիին ազդեցութիւնը ամրապնդեց հաւատացեալներու միաբանութեան հոգին: Հաւատացեալները բոլորը միասին էին միշտ, եւ ինչ որ ունէին իրենց միջեւ հասարակաց էր: Զիրար կը սիրէին եղբայրական սիրով եւ իրենց ունեցածը կը բաժնէին ուրիշ քոյր եւ եղբայր հաւատացեալներու հետ:
Անտարակոյս, առաջին դարու քրիստոնեաները իրենց մտածելակերպի եւ գաղափարի տարբերութիւնները ունէին: Անոնք իրարմէ տարբեր էին խառնուածքով, բնաւորութեամբ եւ նկարագրով: Սակայն, ի հեճուկս իրենց տարբերութիւններուն, բոլորն ալ միաբան էին եւ օրէ օր իրենց սիրոյ եւ միաբանութեան հոգին կ՛ամրապնդուէր Ս. հոգիին զօրութեամբ:
Չորրորդ. Ս. հոգիին ազդեցութիւնը պատճառ եղաւ հաւատացեալներուն աներկիւղ վկայութեան: Հոգեգալուստէն առաջ հաւատացեալները վախով ու երկիւղով պատուած՝ թաքստոցներու մէջ ապաստան գտած էին, սակայն երբ Աստուծոյ Ս. հոգին իրենց վրայ իջաւ, անոնք իրենց պատեաններէն դուրս եկան եւ անվախ վկաները դարձան յարուցեալ Քրիստոսի: Վախը փարատած էր իրենց հոգիներէն եւ անոնք աներկիւղ կը վկայէին խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը: Ս. հոգիին ազդեցութիւնը մղեց հաւատացեալները Քրիստոսի Աւետարանը տարածելու հոն ուր որ կրնային տանիլ զայն:
Նախքան իր երկինք համբառնալը, Յիսուս իր աշակերտներուն հաղորդած էր, «Երբ Ս. հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գործք 1.8):
Յիսուսի պատուէրը տառացիօրէն կը կատարուէր իր հետեւորդներուն կողմէ: Անոնք տունէ տուն, գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ երկրէ երկիր Աւետարանը տարածեցին՝ Երուսաղէմէն մինչեւ Եւրոպա: Ս. հոգիին ներգործութեամբ եւ զօրեղ ազդեցութեամբ եկեղեցին դարձաւ աճող եւ առոյգ հաւատացեալներու բանակ մը՝ Քրիստոսի փրկութեան Աւետարանը մարդոց հասցնելու ամենուրեք:
Հոգեգալուստի տօնին մշտանորոգ պատգամը այն է, թէ երբ Ս. հոգին եկեղեցիի մը կեանքին մէջ կը ներգործէ աներեւակայելի հրաշքներ տեղի կ՛ունենան, կեանքեր կը յեղաշրջուին, եւ եկեղեցին կը դառնայ կենսունակ հոգեւոր հաւաքականութիւն մը, վկայող ու ծառայող եւ աւետարաչական հուրով առլցուն զինուորեալ հաւատացեալներու հզօր բանակ մը: