ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ատել Ժուպէյրի հետ:
Կողմերը քննարկեցին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համագործակցութեան երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգերու ձեւաւորման եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման կարեւորութեան:
Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան կ՛աջակցի «World Expo 2030»ը Ռիատի մէջ իռականացնելու Սէուտական Արաբիոյ դիմումին: