ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, քանատացի երկու զինուորներ զոհ գացին Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը։
Հարաւային Քանտահար քաղաքին մէջ զինեալ մը (կամ զինեալներ) ականուած ինքնաշարժով սուրաց բազմազգեան ուժերու շարասիւնի մը վրայ եւ անոր կառքերէն մէկը հարուածելով՝ պայթեցուց ականը։
Անձնասպանի ինքնաշարժին հետ հրոյ ճարակ դարձաւ շարասիւնի զինուորական կառքերէն մէկը, եւ վնասուեցան ուրիշներ։
ՆԱԹՕի ուժերը անմիջապէս շրջափակեցին դէպքին վայրը, ապա յայտարարեցին, որ սպաննուած են երկու քանատացիներ։
«Թալեպան» շարժումի զինուորական պատասխանատուներէն մոլլա Տատուլլահ, «Ռոյթըրզ»ի հետ կապ հաստատելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը։
Ան հաւաստիացուց, որ շարժումին անձնասպանական խմբակները արդէն թափանցած են բոլոր քաղաքները եւ հոն հաստատուած։ «Այդ խմբակները կը սպասեն իրենց թիրախները հարուածելու յարմարագոյն առիթներուն, որոնք պիտի չուշանան. առաւելագոյն բծախնդրութեամբ կը ծրագրենք մեր յարձակումները, որպէսզի օտար ուժերը առաւելագոյն չափով վնաս կրեն», ըսաւ ան։
Նկարին մէջ, աֆղան զինուորներ կը զննեն յարձակումին վայրը: