«ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ»Ի 12ՐԴ ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ
Կիրակի, 29 Մայիսի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ս. պատարագին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման 104րդ տարեդարձին առիթով կատարեց Հանրապետական մաղթանք ու Եռագոյն դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն, աղօթակից ունենալով եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ հոգեւոր հովիւ՝ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը:
Հաւատացեալներու շարքին էին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնը, ուսուցիչներ եւ աւարտական կարգի աշակերտները, որոնք արարողութեան ընթացքին հաղորդութիւն ստացան եւ ականջալուր դարձան առաջնորդ սրբազան հօր հոգեպարար պատգամէն բխած ազգային եւ հոգեւոր մտածումներուն ու իրենց ուղղուած թելադրանքներուն, որոնք իբրեւ առանցք ունէին այն, թէ կեանքի մէջ պէտք չէ ամէն բան փորձել, մանաւանդ երբ կայ կարելութիւնը այլոց փորձառութենէն սորվելու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ կրթական մշակներու ոսկեայ խրատները միտք պահելով իմաստուն կեանք վարելու՝ միշտ առաջնորդուելով աստուածային շնորհներով:
Հուսկ, աւարտական դասարանի աշակերտները ստացան առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ պահը անմահացուցին խմբանկարով մը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն