ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականէն Անդրանիկ Կարապետեան արծաթ մետալ նուաճեց պոկում վարժութեան մէջ:
89 քլկ. դասակարգին մէջ, Կարապետեան յաջորդաբար բարձրացուց 168 եւ 174 քլկ. պոկում վարժութեան մէջ, շահելով արծաթ մետալ: Հրում վարժութեան մէջ ան միայն 191 քլկ. բարձրացուց, երկամարտի արդիւնքով 5րդ հանդիսանալով:
Կանանց բաժանմունքին մէջ, Տաթեւ Յակոբեան պոկում վարժութեան մէջ պրոնզ մետալ շահեցաւ, 76 քլկ. դասակարգին մէջ յաջորդաբար բարձրացնելով 101 եւ 104 քլկ.: