ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվէլէկեան» երիտասարդական կեդրոնը 4էն 7 Յունիսի միջեւ անգամ մը եւս պիտի ծառայէ իբրեւ 2022ի նախնական ընտրութիւններու կեդրոն։
Հոն կրնան քուէարկել Լոս Անճելըս գաւառի բնակիչները։
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները առաջին անգամ 2018ի ընտրութիւններուն ընդունած էին իրենց ընտրական կեդրոններէն մէկը դարձնել Փասատինայի Հայ Կեդրոնը, նպաստելով հայութիւնը քուէարկելու մղելու ջանքերուն։
«Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվէլէկեան» երիտասարդական կեդրոնի հասցէն է՝ 2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107։