ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, Շաբաթ 28 Մայիսի երեկոյեան, «Արին Սէնթըր»ին դիմաց տեղի ունեցաւ ազգային երգերու համերգ` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ՝ «Կիլիկիա» նուագախումբին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 28 Մայիսը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 104րդ տարեդարձն է՝ աւելցնելով, որ Մայիս 28ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է:
Մխսեան եւ պատմական ակնարկ մը նետեց «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան, ունեցած գործունէութեան, առաքելութեան, որ նպատակ եղած է կաթողիկոսարանի հանդիսաւոր տօնական օրերուն մատուցուող սուրբ եւ անմահ պատարագի երգեցողութիւնը կատարել, ինչպէս նաեւ` տարուան ընթացքին հանրութեան հրամցնել հոգեւոր, ազգագրական եւ հայրենասիրական համերգներ, որոնք կատարուած են Անթիլիասի մէջ, նաեւ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Մ. Մխսեան յիշեց նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարութիւնն ու խմբավարութիւնը վարած անձերուն անունները եւ հրաւիրեց երգչախումբի ներկայ ղեկավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանը` արտասանելու իր խօսքը:
Զաւէն վրդ. Նաճարեան ըսաւ, որ Մայիս 28ին ունեցանք մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը, եռագոյն դրօշը պարզուեցաւ հայրենի ազատագրուած հողին վրայ` համայն մարդկութեան յայտարարելով, որ հայը ողջ է, հայը չէ մեռած ու պիտի չմեռնի, որովհետեւ ազատ ապրելու իր կամքը զօրաւոր է, գօտեպնդուած` նախահայրերու աննկուն ու անբեկանելի հաւատքով եւ հոգիով:

Զաւէն վրդ. Նաճարեան աւելցուց, որ այս մտածումներով եւ ապրումներով բեմ կը բարձրանայ երգչախումբը, որպէսզի ազգագրական երգերով, նոր շունչով ու ներշնչումով, մայիսեան փառաւոր յաղթանակի կշռոյթով ապրեցնէ ու կեանքի կոչէ մեր նորահաս սերունդը` անոնց մէջ կերտելով ազգասէր ու պահանջատէր, ռազմիկ ու քաջարի, զինուոր ու մտաւորական, ազատատենջ ու սխրագործ հայու հոգին` գլխագիր ՀԱՅը:
Այնուհետեւ երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց` «Այ ֆիտայիներ», «Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն», «Զարթիր որդեակ», «Իբրեւ արծիւ», «Երեւան Էրեբունի», «Ատանայի ողբը», «Անուշ հայրենիք», «Սարդարապատ», «Խանի երգը», «Արեւ ելաւ, զէյթունցիներ», «1907 թուականին», «Ձայն տուր, ով ֆիտա», «Ձայն մը հնչեց», «Ելէք հայեր», «Հայ քաջեր», «Խուժան ասկեար», «Պատերազմ ենք գնում», «Հայեր, միացէք», «Գետաշէն», «Արդեօք ովքեր են» եւ «Հայորդիք» երգերը:
Համերգի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ «Շնորհալի» երգչախումբը մեր շարականներն ու մեղեդիները երգելով` կը ճոխացնէ մեր եկեղեցիներու արարողական կեանքը, սակայն երբեմն մեր մէջ հայրենասիրականը ամրացնելու համար նաեւ ժողովրդայինն ու հայրենասիրականը բեմ կը բարձրացնէ, որպէսզի այդ ձեւով Հայ եկեղեցւոյ սրբազան պատգամը թելադրէ մեզի: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձին առիթով: Առաջնորդ սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն յղացումն էր սոյն երեկոյթը, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոյթի նախագահ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, «Կիլիկիա» նուագախումբին եւ անոնց ընդմէջէն ողջունեց երգչախումբի ղեկավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանին հոգենուէր ճիգը: