Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, 96 քլկ. դասակարգի մրցումներուն տիրապետեցին Հայաստանի ներկայացուցիչները: Դաւիթ Յովհաննիսեան, արձանագրելով 377 քլկ. արդիւնք մը (171 + 206)՝ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ փոխախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը՝ Արա Աղանեան, որ բարձրացուց 375 քլկ. (170 + 205):
102 քլկ. դասակարգին մէջ, Սամուէլ Գասպարեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 390 քլկ. արդիւնք մը՝ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Յատկանշական է, որ ան նախորդ տարի նոյն արդիւնքը արձանագրելով՝ հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:
109 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Մարտիրոսեան, որ 2021ին հանդիսացած էր Եւրոպայի փոխախոյեան, այս տարի, արձանագրելով 371 քլկ. արդիւնք մը՝ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իսկ կանանց մրցումներուն, վեց տարուան դադարէ մը ետք, Հռիփսիմէ Խուրշուդեան ունեցաւ յիշատակելի վերադարձ մը: 87 քլկ. դասակարգին մէջ ան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 227 քլկ. արդիւնք մը՝ գրաւեց 5րդ դիրքը:
Յիշեցնենք, որ վերջերս. Հայաստանի հաւաքականէն Ռաֆիկ Յարութիւնեան ոսկի մետալ նուաճած էր։