

Նախորդ շաբաթավերջին, Եւրոպայի տարածքին սկսաւ «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքը եւ կատարուեցան Ա. հանգրուանի շարք մը մրցումներ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Իրլանտան:
Ա. կիսախաղին հիւր կազմը ունեցաւ յստակ առաւելութիւն մը՝ Դաւիթ Եուրչենքոյի բերդին ուղղութեամբ հարուածելով վեց անգամ, մինչ Հայաստան միայն հարուած մը ուղղեց:
Բ. կիսախաղին հայրենի կազմը քիչ մը աւելի բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ 75րդ վայրկեանին յաջողեցաւ նշանակել սքանչելի կօլ մը՝ շնորհիւ ռուսական «Քրասնոտար» խումբի 21 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեանի:
Այս կօլէն ետք, հիւր կազմը թէեւ ճնշեց Հայաստանի բերդին վրայ, սակայն չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:
Հայաստան 8 Յունիսին պիտի ունենայ զտումի իր երկրորդ մրցումը, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Սկովտիոյ: