ԵՐԵՒԱՆ.- 7 Յունիսին, «Դիմադրութեան» շարժման երթը ընթացք առաւ Ֆրանսայի հրապարակէն եւ հասաւ մինչեւ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը, ուր փաստերով ներկայացուեցան այն բոլոր բռնութիւնները, որոնք նախորդ օրերուն գործադրուեցան։
Շարժման մասնակցողները Եւրոպական Միութեան դեսպանէն պահանջեցին պատշաճ գնահատական տալ ոստիկանութեան ապօրինութիւններուն եւ բռնութիւններուն: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնք կը կրէին «Բացէ՛ք ձեր աչքերը», «Դատապարտեցէ՛ք բռնութիւնը» գրութիւնները։ Եւրոպական Միութեան գրասենեակի շէնքին դիմաց կեդրոնացած էին ոստիկանական ուժեր։
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ընթերցեց այն նամակը, որ պիտի յանձնուէր Եւրոպական Միութեան դեսպանին։ «Ընդդիմադիր խորհրդարանական երկու խմբակցութիւններն արձանագրում են՝ Յուլիսի 3ին Պռոշեան-Դեմիրճեան փողոցների հատման հատուածում խաղաղ հաւաքի մասնակիցների նկատմամբ ոստիկանական ուժերի կողմից կիրառուել է ապօրինի եւ անհամաչափ ուժ եւ յատուկ միջոցներ, այն է` «Սվիրել» լուսաձայնային նռնակներ, չնայած որ հաւաքը կրում էր բացառապէս խաղաղ բնոյթ եւ ոստիկանական ուժերը պէտք է ոչ թէ խոչընդոտէին, այլ պարտաւոր էին օժանդակել խաղաղ հաւաքի անցկացմանը: Լուսաձայնային նռնակների կիրառումը իրականացուել է առանց նախնական զգուշացման, որի հետեւանքով խաղաղ հաւաքի մասնակից հարիւրաւոր քաղաքացիների շրջանակներում, այդ թւում` կանանց ու տարեցների մօտ, առկայ են տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ: Մարմնական վնասուածքներ են ստացել նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներից մի քանիսը, ինչպէս նաեւ «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակից կուսակցութիւնների ներկայացուցիչներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ նամակին մէջ:
Անոր մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն մեծ մասը տուժած է յատուկ միջոցներու սխալ կիրարկման իբրեւ արդիւնք, իսկ ըստ կարգ մը այլ տեղեկութիւններու՝ կիրարկուած լուսաձայնային նռնակները եղած են ժամկէտանց։ Սակայն, ոստիկանութեան ծառայողներ օրէնքի կոպիտ խախտումով տարբերանշաններ չեն կրած։

Բիրտ եւ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ։ «Նոյն այս դեսպանատունը 2018ին մարդու մազ ծռուելու դէպքում օրուայ մէջ մի քանի յայտարարութիւն էր տարածում, իսկ հիմա լուռ է եւ այդ լռութեամբ խրախուսում է ոստիկանական վայրագութիւնները», ըսաւ Վարդեւանեան:
Ան դիտել տուաւ, որ նամակը կը փոխանցուի այն ակնկալութեամբ, որ Եւրոպական Միութեան դեսպանին կողմէ կը կատարուի պատշաճ արձագանգ։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս շէնքին մէջ գտնուող դեսպանը առիթը չէր փախցներ, երբ կարելիութիւն ունենար, քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելու՝ յստակ կողմի հետ, իսկ ընդամէնը քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին ոչինչ ըսաւ, կոյր եւ լուռ կը ձեւանայ:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, անդրադառնալով ոստիկանութեան գործողութիւններուն՝ ըսաւ, որ ոստիկաններուն հակազդեցութիւններուն մէջ նկատելի է, որ անոնք իրենց գործը չեն կատարեր, այլ իշխանութեան կողմէ իրենց տրուած հրահանգները կը գործադրեն։ «Մարդիկ իշխանութիւնը պահելու համար տուել են հայրենիքը անգամ ու հիմա այդ մարդիկ, ովքեր սեփական կօշիկը կը պաշտպանեն, բայց հայրենիքը կը տան, կանգնած են այդ իշխանութիւնը կորցնելու վտանգի առջեւ, ուրեմն ինչպէս կը գործեն այդ մարդիկ. ի հարկէ, հնարաւոր ու անհնար բոլոր եղանակներով փորձելու են կառչած մնալ աթոռին, որ աշխարհում իրենց ունեցած ամենաթանկ բանն է»:
Յայտնենք, որ օրուան ընթացքին կատարուեցան անհնազանդութեան գործողութիւններ։