Հինգշաբթի, 2 Յունիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ Կարին Չուխատարեանի, Ուսումնական մարմինի ատենապետուհի Ռիթա Աւագեանի եւ անդամներ Ճօ Պաղտատլեանի եւ Շանթ Պապուճեանի: Անոնք եկած էին պաշտօնապէս խնդրելու առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը՝ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրման 30ամեակի ձեռնարկներուն:
Այս առիթով, սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տնօրէնութեան եւ բոլոր նուիրեալներուն աշխատանքը՝ շեշտելով, որ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կեա՛նք բերող կառոյց մըն է, ապա յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ յարմարագոյն առիթի մը, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդի ջանքերով, Լ. եւ Յ. Թաւլեան դպրոցը տարածքային իմաստով ծաղկունք ապրի, որպէսզի կարենայ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ իր յարկին տակ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ