ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջիմ անգամ անցեալ տարի նախաձեռնեց երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու յատուկ դաստիարակչական մէկ շաբաթեայ հաւաքին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Ալեքս Մանուկեան կը յայտնէ, թէ խանդավառուած անցեալ տարուան ծրագիրին արձանագրած յաջողութենէն՝ որոշուած է հաւաքը մնայուն դարձնել։
17-19 տարեկան աշակերտներ կրնան մասնակցիլ հաւաքին։ Այս տարուան հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 1էն 5 Օգոստոսի միջեւ։ Իսկ դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 30 Յունիս, կայքէջին միջոցաւ։

Մասնակցողները հաւաքին ընթացքին կը բնակին Հայ Դատի «Արամեան տան» մէջ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մայրաքաղաքի կեդրոնատեղիին մօտերը կը գտնուի եւ կը կրէ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի անունը։
Նշենք, որ Հայ Դատի զօրակիցներ Յարութիւն եւ Էլիզաէթ Գասպարեաններու անունով մկրտուած այս նախաձեռնութեան մասնակցողները մօտէն պիտի ծանօթանան մայրաքաղաքի քաղաքական գործունէութեան, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ արհեստավարժներու, ինչպէս նաեւ հայութեան շահերը ջատագովելու, Արցախի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման համար տարուող աշխատանքներուն, ղեկավարման մարզին մէջ յատկանշական փորձառութիւն ձեռք ձգելով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել anca.org/youth կայքէջը։