ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մօտաւորապէս հազար հայորդիներ բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին Երեքշաբթի երեկոյեան, ՄԱԿի Նիւ Եորքի թրքական ներկայացուցչութեան դիմաց, դատապարտելով ոճիրը: Ցոյցին, որ կազմակերպուած էր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբերուն կողմէ, ներկայ գտնուեցան նաեւ թուրք յառաջադէմ մտաւորականներ, իսկ հանդիպակաց մայթին վրայ հաւաքուած էր ազգայնամոլ թուրքերու խումբ մը, որոնք իրենց հակահայ լոզունգներով կը փորձէին խափանել հաւաքը:
Հաւաքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:30ին, դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի բացման խօսքով, որ ակնարկելով խանգարիչ թուրքերու ամբոխին, դիտել տուաւ. «Այս է ատելութեան եւ անհանդորժողութեան այն մշակոյթը, որուն դէմ ելած ենք մենք այսօր: Նման գրգռութիւններ չեն կրնար մեզ ետ կեցնել արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարէն»:
Խօսք առաւ Քըրթիս Սլիուա (Պահապան հրեշտակներ կազմակերպութենէն), որ խստօրէն դատապարտեց ոճիրը: Ապա խօսք առաւ Անդրանիկ Գասպարեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբէն, որ ընդգծեց, թէ Տինքի սպանութիւնը պատահական արարք մը չէր, այլ՝ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան հետեւանքներէն մէկը եւ թէ այս ոճիրը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա պատրաստ չէ միանալու աշխարհի քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին:
Կատարուեցաւ աղօթք առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի կողմէ, ու այդ պահուն թուրք խանգարիչները փորձեցին խափանել հաւաքը, սակայն ձախողեցան:
Կարդացուեցաւ Հրանդ Տինքի ամփոփ կենսագրականը, ապա խօսք առաւ Պոլիսէն ժամանած թուրք երիտասարդուհի մը եւ դիտել տուաւ, թէ ինք անձամբ ճանչցած է Տինքը ու անոր կորուստը բոլոր ազատասէրներու՝ հայ թէ թուրք, կորուստն է: Ապա կարդաց Տինքի նուիրուած իր մէկ բանաստեղծութիւնը: