ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրք գրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք հրաւիրուած է Եւրոխորհրդարան՝ ելոյթ ունենալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թրենտ» գործակալութիւնը, Փամուքը Եւրոխորհրդարան հրաւիրելու առաջարկը բերած է Եւրոխորհրդարանի իտալացի պատգամաւոր Մարիօ Ռկեծիօ, որ ծանօթ է իր հայանպաստ հայեացքներով:
Օրհան Փամուք Թուրքիոյ մէջ քննադատութեան եւ նոյնիսկ դատական հետապնդումի ենթարկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան ակնարկած ըլլալուն պատճառով: