ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Սէուտական Արաբիա կը ծրագրէ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողով հիւրընկալել՝ ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, հաղորդեց «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը իր կարգին հաղորդեց, որ Յուլիսին, Պայտըն Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ: