ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութիւնը, փորձառութիւններու փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութիւնը հրամայական դարձած են որեւէ ժամանակէ աւելի: Ազգեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ եկեղեցիներ երկխօսութեան ու փոխյարաբերութեան ճամբով կը ծանօթանան իրարու, կը զարգանան մշակոյթներ, կը մշակուին յարաբերութիւններ եւ գործնապէս կ՛արտայայտուին լայնախոհութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:
Վերոյիշեալ տեսլականներու լոյսին տակ, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յառաջացած աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը յարմար նկատած էր, որ յիշեալ երկու եկեղեցական ընտանիքները յաջորդաբար կազմակերպեն երիտասարդ հոգեւորականներու փոխադարձ այցելութիւններ, որպէսզի աւելի մօտէն եւ ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար:
2020ին սկիզբ առած վերոյիշեալ ծրագիրը համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով կանգ առած էր: Արդարեւ, պայմաններու բարելաւումէն ետք, 30 Մայիսէն 6 Յունիս 2022ին, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, Վատիկանի մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ՝ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս ծրագիրին մասնակցեցան երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Մայրավանքի Մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Օշին վրդ. Չուալերթանեան եւ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Թրթռեան (Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմ). իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Ռուբէն վրդ. Զարգարեան, Տիգրան քհնյ. Բադիրեան եւ Արսէն քհնյ. Միրզոյեան:

Վատիկանի (իմա՛ կաթողիկէ եկեղեցւոյ) զանազան բաժանմունքներու եւ համալսարաններ ու հիմնարկներ այցելութիւններու եւ պատասխանատու քարտինալներու ու տնօրէններու հետ հանդիպումներու եւ երկխօսութիւններու ճամբով, մասնակցող երիտասարդ հոգեւորականները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի կառոյցին եւ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Նշենք, որ այցելութիւններու շարքին կարեւոր տեղ գրաւեց Ֆրանսիս պապին հետ հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ պապը շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ աղօթքով ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր դիմագրաւելու կարեւորութիւնը՝ միասնական աղօթքի հրաւիրելով ներկաները:
Վատիկանի ծանօթացման այս ծրագիրի աւարտին, հայ հոգեւորականները այցելութիւն տուին Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին: Հոգեւոր հայրերը ընդհանուր գիծերով դեսպանին պարզեցին Վատիկան այցելութեան առիթը եւ վերոյիշեալ ծրագիրին նպատակը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եկեղեցին եւ հայրենիքը յուզող շարք մը հարցեր:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ