ՀԱԼԷՊ.- «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 15 Յունիսի երեկոյեան, ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային գիւղերէն երկու հրթիռ արձակեցին Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ:
Արձանագրուեցան նիւթական աննկատ վնասներ:
«Գանձասար»ի թղթակիցը յայտնեց, որ նոյն ժամերուն Քեսապի հրապարակի կեդրոնը տեղի կ՛ունենար պետական ձեռնարկ մը: Երկու հրթիռները ինկան լերան մը վրայ, առանց նկատառելի վնաս պատճառելու: