Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեանի հրաւէրով, Աթէնքի ՀՀ դեսպանատան մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը:
Ընդունելութեան ներկայ էին առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու պետերը՝ վեր. Վիգէն Չոլաքեան եւ Ռափայէլ վրդ. Շէֆիքեան: Ներկայ էին յունահայ գաղութի կառոյցներու եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ՝ Յունահայոց Ազգային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ:
Դեսպան Վահրամ Կաժոյեան եւ տիկինը դիմաւորեցին հիւրերը, հիւպատոս տիկ. Լիլիթ Սարգսեանի եւ խորհրդական Սերովբէ Բէջանեանի հետ միասնաբար: