Նորութիւն չէ, եթէ ըսենք, որ մեր ազգի գոյատեւման, պահպանման եւ զարգացման հիմնական երաշխաւորները եղան հայ գիրը, գիրքը, եւ ընդհանրապէս մշակոյթը:
Հայ մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը հայերու, ուր որ ալ ապրին, ամենակարեւոր եւ գեղեցիկ պարտականութիւնն է:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի նոյնպէս տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն, բոլորը անխտիր, լծուած էին գեղեցկօրէն եւ համոզումով նշելու Մշակոյթի ամիսը:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ խօսած եւ բացատրած են հայ լեզուի, հայ գրականութեան, հայ արուեստներու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին, Սփիւռքի տարբեր վայրերու մէջ առանց հայ մշակոյթի արագօրէն ձուլուելու վտանգի մասին: Նուիրեալ մանկավարժները փաստերով բացատրած են, թէ կեանքը իրապէս անբովանդակ կը դառնայ, եթէ գոյութիւն չունենայ իսկական եւ զարգացած մշակոյթ:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Սահակ Մեսրոպ» վարժարանը կազմակերպեց մշակոյթի նուիրուած երեք տարբեր ձեռնարկներ: Մանկամսուրի աշակերտները, առաջնորդութեամբ Վ. Աւետիքեանի, ներկայացուցին երգերու եւ արտասանութիւններու կոկիկ փունջ մը: Նախակրթարանի աշակերտները, Սօնա Պատալեանի եւ Հիլտա Մնակեանի առաջնորդութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, ներկայացուցին արտասանութիւններով եւ երգերով ճոխ յայտագիր մը: Իւրաքանչիւր դասարան անխտիր բաժին վերցուցած էր յայտագրին մէջ:
Միջնակարգի աշակերտները )8րդ կարգ) մշակոյթի ամսուան նուիրուած տարբեր շարադրութիւններ գրեցին: Իսկ 6—7րդ կարգի աշակերտները արդէն Սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր կը պատրաստէին իրենց ձեռային տարբեր աշխատանքները՝ խաչքար, եկեղեցի, ինչպէս նաեւ գրողներու, երաժիշտներու, ճարտարապետներու մասին բազմաթիւ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ գործեր:
Մշակոյթի ամսուան առթիւ հիմնական եւ տպաւորիչ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ վարժարանի մատուռին մէջ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, առաւօտեան ժամը 10:15ին: Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները կայտառօրէն մուտք գործեցին, որպէսզի ըմբոշխնեն մշակոյթի նուիրուած հանդէսը:
Բեմը գեղեցկօրէն զարդարուած էր միջնակարգի աշակերտներուն ձեռային բազմաթիւ աշխատանքներով: Հանդիսավար Յովսէփ Նալպանտեան կարճ կերպով անդրադարձաւ մշակոյթի կարեւորութեան մասին, ապա քաջալերական խօսք ըսաւ միջնակարգի աշակերտներուն, իրենց կատարած աշխատանքներուն համար: Բեմ հրաւիրուեցաւ դոկտ. Ժան Ահմարանեան, որ իր բացման խօսքին մէջ օրինակներ տալով խօսեցաւ մշակոյթի կարեւորութեան, պահպանման եւ զարգացման մասին: Նաեւ անդրադարձաւ ծնողք—աշակերտ—դպրոց—եկեղեցի կապի ամրապնդման եւ յարատեւ աշխատանքի մասին:
Վեցերորդ կարգէն Իսկուհի Միսայէլեան եւ Անի Քէշիշեան արտասանեցին Ս. Նազարեանցի «Մայրենի լեզու» բանաստեղծութիւնը: Նոյն կարգէն օտար հեղինակ—գիտնականներէ ընթերցումներ կատարեցին Կարօ Սաքլարեան, Նաթալի Քիւրտօղլեան եւ Քաթիա Մուրատեան: Էնտի Կեցոյեան ոգեւորութեամբ արտասանեց Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն» բանաստեղծութիւնը:
Եօթներորդ կարգէն Արաքս Շանլեան եւ Արփի Եսայեան արտասանեցին Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուի» գեղեցիկ գործը: Նոյն կարգէն ընթեցումներ կատարեցին Քաթրին Թապագեան, Սեւակ Փոտրումեան եւ Միրէյ Ուզունեան: Ը. կարգէն երկու խումբ խմբային արտասանութիւն կատարեցին՝ Շիրազի «Հայոց անունները», եւ Կապուտիկեանի «Հայկական աչքեր»ը: Ապա նոյն կարգէն Լէոյի «Մեսրոպ Մաշտոցի թաղումը» գործը ընթեցեցին Ռիթա Ժիլգէորգեան եւ Գրիգոր Գազանճեան: Թ. կարգէն Մ. Նալպանտեանի նշանաւոր «Երգ ազատութեան» գործը խմբային արտասանութեամբ մը ներկայացուցին: ԺԱ. կարգէն Արի Ֆիլեան եւ Հրակ Ճիվէլէկեան հակիրճ կերպով անդրադարձան հայ մշակոյթի մասին:
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանը: Ան իր փակման խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն, որոնք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի մայրենին լաւապէս ամրապնդուի մատղաշ սերունդին սրտերուն մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնեց Մկօ Գրիգորեանին յայտագիրը համադրելու համար եւ Ճեմա Քէշիշեանին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին այս վարժարանին, որ կը կրէ մեզի ինքնութիւն պարգեւող Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի անունը: Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ մշակոյթի անհրաժեշտութեան եւ մեր վարժարանի համասփիւռքեան շարադրութեան մրցումի լաւ եւ որակեալ մասնակցութեան մասին: Այս ձեւով, մէկ ժամ տեւող այս իւրայատուկ եւ տպաւորիչ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մեր աշակերտները հպարտ էին իրենց լեզուով, երգով եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներով: Ազգային հպարտութեան զգացումը, հայ—քրիստոնեայի ինքնութեան զարգացումը եւ պահպանումը տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական անձնակազմը անսակարկօրէն կը ջանան միշտ ամուր եւ բարձր պահել աշակերտներու հոգիներուն եւ ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը փափաքին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնել մեր ծնողներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն մեր այս ձեռնարկները: