Կիրակի, 5 Յունիսին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի սրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:
Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ ՀԲԸՄի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավարը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա գնահատական խօսքով անդրադարձաւ դպրոցի աշխատանքներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ դրուատելով աշակերտութիւնը՝ անցնող ուսումնական տարուան ձեռքբերումներուն համար։
Նախքան ԺԲ. դասարանի աշակերտներու վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութեան սկսիլը, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները մեծ նուիրումով եւ հոգատարութեամբ հայկական դպրոց կ՛ուղարկեն, ամուր պահպանելու համար հայկականութիւնը եւ հայոց լեզուն։
Սրբազան հայրը անգամ մը եւս կարեւոր նկատեց հայ դպրոցի եւ ազգային կրթութեան առաքելութիւնը, նշելով, որ անիկա մշտապէս եղած է եւ կը մնայ հայ ինքնութեան եւ հայակերտումի միակ ու նուիրական ճանապարհը։ Այնուհետեւ, ան իր խօսքի վերջաւորութեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, մաղթելով նոր յաջողութիւններ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։
Դիւան Առաջնորդարանի