ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Միութիւնը, Իսրայէլը եւ Եգիպտոսը Չորեքշաբթի օր ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Իսրայէլէն Եգիպտոսի տարածքով դէպի Եւրոպա կազ արտածելու նպատակով, հաղորդեց «Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ըստ փաստաթուղթին՝ համաձայնագիրը նախատեսուած է երեք տարիով՝ յաւելեալ երկու տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումէն ետք անհրաժեշտ է ընդարձակել Իսրայէլի եւ Եւոպական Միութեան միջեւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը: Ան աւելցուցած, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է նուազեցնել վառելանիւթի գնումները Ռուսիայէն եւ բազմազան դարձնել ուժանիւթի իր աղբիւրները: Ան նաեւ նշեց, որ Իսրայէլէն Եգիպտոս կազի խողովակաշար պիտի կառուցուի, իսկ Եգիպտոսի հեղուկ բնական կազը ծովուն ճամբով Եւրոպա պիտի փոխադրուի: