ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սեպտեմբեր 13ին, »Հայաստան« համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի մարմինը սկսաւ իր տարեկան պատկերասփիւռային դրամահաւաքի քարոզարշաւին՝ կազմակերպելով ընդունելութիւն մը »Ալեքս« թատերասրահին մէջ, որուն մասնակցեցան համայնքի գլխաւոր կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչներ:
Հոն ներկայացուեցաւ դրամահաւքի այս տարուան խորհրդանիշը: Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 15ամեակի առիթով այս տարուան խորհրդանիշին վրայ կան »Ես սիրում եմ Հայաստանը« եւ »Ես սիրում եմ Արցախը« տողերը, որոնց հիմքը կը կազմէ նուռը եւ նռան հատիկներով կազմուած սիրտը: Ինչպէս 2005ի խորհրդանիշը, այս տարուանը եւս լոս անճելըսաբնակ Հելենա Գրիգորեանի գործն է:
Յայտնենք, թէ այս տարուան դրամահաւաքի արշաւը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23ին, իսկ գումարը պիտի յատկացուի Արցախի Հադրութի շրջանի զարգացման աշխատանքներուն:
»Հայաստան« հիմնադրամի 9րդ պատկերասփիւռային դրամահաւաքը պիտի սփռուի Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել www.armeniafund.org կայքէջը։