
«Էրմենիհապեր»ը կը փոխանցէ, որ խումբ մը թուրք մտաւորականներ՝ 47 լրագրողներ եւ իրաւաբաններ, տարածեցին յայտարարութիւն մը՝ աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Փայլանի հասցէին հնչող բոլոր սպառնալիքները եւ վիրաւորանքները մտաւորականները կը համարեն նաեւ իրենց հասցէագրուած։
Երբ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցեղասպանութիւնը գործադրողերու անունները հանրային տարածքներէն հեռացնելու» մասին օրինագիծը, ան թիրախ դառնաւ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ:
«Լաւ» (İYİ Parti) ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեներ Կարօ Փայլանը բնութագրեց իբրեւ իր չափը չճանչցող գործիչ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատական համակարգին հրահանգեց, որ Փայլանի՝ «սահմաններ չճանչցող, հակաիրաւական եւ բարոյազուրկ այդ քայլը» արժանանայ համապատասխան գնահատականի:
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ-AKP) բանբեր Օմեր Չելիք իր կարգին յայտարարեց, որ Փայլանի դէմ «իրաւական գործընթաց» պիտի սկսին։
Յիշեցնելով ատելութեան խօսքի զոհ այլ հայ գործիչի մը՝ Հրանդ Տինքի ճակատագիրը՝ մտաւորականները կը յայտնեն, որ թրքական պետութիւնը եւ պաշտօնատարները ազգը ներկայացնող բոլոր քաղաքական գործիչները, իրաւապահ համակարգը եւ տեղական իշխանութիւնները պատասխանատու են Կարօ Փայլանի ապահով կեանքին նկատմամբ։