ՀՀԿԻ ՀԵՏ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ «ՊԱՏԻՒ ՈՒՆԵՄ» ԴԱՇԻՆՔԸ ԴԱԴՐԵՑԱՒ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան 21 Յունիսին, Ազգային ժողովէն հրաժարելու դիմում ներկայացուց։ Նաեւ՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան որոշումով՝ դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ ՀՀԿի հետ ձեւաւորած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը: Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:
«Այսօր օրէնքով սահմանուած կարգով դիմում եմ ներկայացրել պատգամաւորական մանդատս վայր դնելու վերաբերեալ: Ձեզանից շատերի համար իմ այս որոշումն անակնկալ չէ. ես մի քանի անգամ հրապարակայնօրէն յայտարարել եմ, որ ինձ այլեւս չեմ տեսնում այս խորհրդարանում: Պատճառն ակներեւ է՝ ՀՀ քաղաքացին մեզ քուէ էր տուել այս իշխանութիւնների կործանարար գործունէութիւնը կասեցնելու եւ երկիրն աղէտից դուրս բերելու համար: Սակայն այս խորհրդարանը, իմ կարծիքով, դադարել է լինել նպատակին հասնելու արդիւնաւէտ հարթակ», կը կ՛ըսէ Վանեցեան:
Ան նաեւ կը յայտնէ, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդը որոշում տուաւ շարունակել գործունէութիւնը խորհրդարանէն դուրս: «Կուսակցութեան որոշմամբ դէ իւրէ (իրաւական) եւ դէ ֆակտօ (իրողապէս) դադարում է գոյութիւն ունենալ ՀՀԿի հետ մեր ձեւաւորած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը, որի շրջանակներում մեր գործընկերների հետ համեմատաբար կարճ, բայց յագեցած ճանապարհ ենք անցել ու, վստահ եմ, դեռ անցնելու ենք՝ յանուն երկրի փրկութեան, իսկ ապագայում նաեւ՝ մեր պետականութեան առողջացման եւ ուժեղացման», կ՛ընդգծէ Վանեցեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու գործընկերներուն՝ միասին անցած ճամբուն ու միացեալ աշխատանքին համար:
Վանեցեան նոյն ժամանակ կը վստահեցնէ, որ իր՝ յանձնառութենէն հրաժարելու եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան՝ խորհրդարանէն դուրս պայքարը շարունակելու որոշումները բացառապէս իրենց ընտրութիւնն են եւ որեւէ ձեւով չեն կրնար կաշկանդող կամ ուղղորդող գործօն հանդիսանալ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան գործընկերներուն, որոնց կարգին «Հայրենիք» կուսակցութեան առաջադրանքով Ազգային ժողով հասած անկուսակցական անձերուն համար՝ ընդգծելով, որ այս հարցին մէջ իւրաքանչիւրը իր գիտակցուած, հիմնաւորուած ընտրութիւնը պիտի ընէ:
Վանեցեան շեշտեց, որ 2021ի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ իբրեւ արդիւնք պատգամաւորական աթոռ ունենալու շարժառիթները շատ յստակ էին: «Ես մշտապէս յայտարարել եմ, որ մենք ամէն ջանք գործադրելու ենք՝ մեր երկրին համերաշխութիւն բերելու, անվտանգ Հայաստան եւ Արցախ ունենալու եւ մեր քաղաքացիների կեանքի որակն էապէս բարձրացնելու համար», նշեց ան:
Վանեցեան եզրափակեց, որ այս բոլորին, նաեւ պատգամաւորական այս տասնմէկ ամիսներու գործունէութեան անդրադառնալու ժամանակ կայ տակաւին՝ վստահեցնելով, որ պատգամաւորական աթոռը իրեն համար երբեք ինքնանպատակ չէ եղած: «Այն ընդամէնը գործիք էր մեր երկրին ու պետականութեանը ծառայելու համար: Գործիք, որն այսօր այլեւս ինձ համար կիրառելի չէ: Մենք այսօր կանգնած ենք հայրենազրկման շեմին եւ սխալուելու իրաւունք այլեւս չունենք: Պայքարն այլընտրանք չունի, եւ ինչպէս բազմիցս նշել եմ՝ այսօր յանուն հայ ժողովրդի, Հայաստանի եւ Արցախի պայքարում կուսակցական դրօշներ, բաժանարար գծեր ու կարգավիճակներ չկան: Սա մեր համազգային պայքարն է, եւ մենք՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամներս, շարունակելու ենք այն մեր ժողովրդի հետ միասին», կը շեշտէ Վանեցեան: