Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ի կէսօրին, Արցախի նախագահ Արկատի Ղուկասեան ացելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքը եւ դիմաւորուեցաւ առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Նախագահին կ՚ընկերանային Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան եւ «Հայաստան» հիմնադրամի պատասխանատուներ։
Նախագահը շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան անդամները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ նոր շէնքի բարեփոխման աշխատանքները հասած են իրենց լրումին։ Ան նաեւ մաղթեց, որ այս երազին իրականացումը նոր թափ տայ Ազգ. առաջնորդարանի ազգօգուտ ու եկեղեցանուէր գործին։
Այս ացելութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը հիւր նախագահն ու անոր ընկերակիցները ճաշով պատուեցին Կլէնտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ։
Ընդունելութեան, ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, քոյր միութեանց ու կազմակերպութեանց անդամներ, Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, որոնք զօրակցութիւն կը յայտնեն ու աշխատանքային կապեր ունին Հայաստանի հետ։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց նախագահը եւ յաջողութիւն մաղթեց «Հայաստան» հիմնադրամի թելեթոնին: Խօսք առին նաեւ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Կեդր. Կոմիտիէ ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ միութեանց ներկայացուցիչները։ Նախագահ Արկատի Ղուկասեան իր կարգին շնորհակալութեան ու գոհունակութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին ու ներկաներուն, ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար, ու մաղթեց, որ հարենիքին ու արտերկրի միջեւ գործակցութիւնը նորանոր ծաղկումներ ապրի։