ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին միաձայնութեամբ որոշեց երկարաձգել Իրաքի մէջ գործող բազմազգեան ուժերուն առաքելութիւնը։
Խորհուրդը կ՚ընդառաջէր Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի յղած նամակին, որուն մէջ ան կը հաւաստէր, որ իր կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է ստանձնել ամբողջական պատասխանատուութիւնը երկիրին ապահովութեան եւ կայունութեան, սակայն կարիքը ունի յաւելեալ ժամանակի, եւ կը խնդրէ մէկ տարիով երկարաձգել աւելի քան 160 հազար օտար զինուորներու առաքելութիւնը։
Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին նախագիծը պատրաստած էր Ուաշինկթըն։