
Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Յունիսին, վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, օրուան գլխաւոր բանախօս տոքթ. Սարմէն Սարգիսեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, վարժարանի ուսումնական մարմինի, շրջանի կոմիտէութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեան, վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան, փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան, ուսուցիչներ, նուիրատուներ, ծնողներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ սիրելի աշակերտներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ աւարտական դասարանի շրջանաւարտներուն բեմ բարձրանալով, ապա ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Պաշտօնական յայտագիրի բացումը կատարուեցաւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով, որմէ ետք, Թալին Ճանէցեան՝ հայերէնով եւ Քիմըրլի Պրէյտի՝ անգլերէնով բացման խօսքը կատարեցին։ Ապա յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Խնամակալ մարմնի անդամ դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ ուսումնական մարմինի անդամ իրաւաբան Կարօ Յովհաննէսեան:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս վարժարանը իրականացուց իր խրախուսիչ ծրագիրներէն մէկը՝ գնահատել առաջնակարգ հանդիսացող աշակերտները: Առ այդ, 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական աշակերտներէն գնահատուեցան հետեւեալները՝ Վանա Շէրպէթճեան, Սարգիս Անդոնեան, Արտէն Նորընծայեան, Անի Քարաջաեան, Սոֆիա Փափազեան, Սարա Կարապետ, Սօսէ Յովհաննէսեան, Խաչիկ Չուխաճեան, Գառնիկ Գէորգեան, Սեւան Թրթռեան, Թալիա Փափազեան, Արամ Կիւլլիւճեան, Սեւակ Թրթռեան, Ալիսիա Մանուկ, Նայիրի Բարսեղեան, Տարօն Գէորգեան, Շահան Սարգիսեան, Նիքոլ Ղուկաս, Վարագ Թրթռեան, Սարին Նազարեան, Քրիստինա Բորանեան, Կրէյս Սէրիմեան, Քարօլին Լաւու, Իզապէլլա Մեծբաքեան, Անտրու Սէրիﬔան, Յարութ Ամիրխանեան եւ Սըմէնթա Օսմանեան, իսկ առաջնակարգ աշակերտներու ուղերձները կարդացին Վանա Շէրպէթճեան եւ Սարգիս Անդոնեան:
Ուղերձներուն յաջորդեց օրուան բանախօս դոկտ. Սարմէն Սարգիսեանի խօսքը: Ան, իր խօսքին մէջ արժեւորեց հայրենի հողէն հեռու, օտար ափերուն վրայ հիմնուած հայկական վարժարաններու կատարած դերը եւ բարձր գնահատեց ուսուցիչներու ստանձնած դերը, հայ պատանիներու մարդակերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան ծանր եւ պատասխանատու աշխատանքին մէջ:
Ուսումնական եւ նիւթական մրցանակներու բաշխումէն ետք, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան: Ան, ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները՝ անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանի հիմնական հարցերուն, ապա ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններուն մասին, որոնց առաջնայինը կը հանդիսանար վարժարանին կից գտնուող կալուածի ձեռքբեռումը, որուն շնորհիւ վարժարանը առիթը պիտի ունենայ ընդլայնելու կրթական իր ծրագիրները:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորքոմ եպս. Տօնոյեանի պատգամը փոխանցեց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Առաջնորդ սրբազանը ի սրտէ կը շնորհաւորէր աւարտական դասարանի աշակերտները եւ բարձր կը գնահատէր հայկական վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ ծնողքներուն տարած անձնուէր եւ զոհողութիւններով լի աշխատանքները՝ վստահեցնելով, որ ապագային այդ բոլորը պիտի ձեւաւորեն հայ աշակերտին կեանքի ընթացքը:
Հանդիսութեան աւարտին, Անի Պէրթիզլեան կատարեց վկայականներու բաշխումը:
Սիրելի շրջանաւարտներ, մեր մաղթանքն է, որ դուք մի՛շտ մնաք հայկական պատնէշին վրայ եւ նուաճէ՛ք նոր բարձունքներ:
(Թղթակցութիւն Վարժարանէն)